Յունաստան տուած պաշտօնական այցելութեան ծիրին մէջ 20 դեկտեմբերին տեղի ունեցած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեանի հանդիպումը Յունաստանի նախագահ Փրոքոփիս Փաւլոփուլոսի հետ:
Նախարար Սարգսեան շնորհակալութիւն յայտնած է Յունաստանի նախագահին` ջերմ ընդունելութեան համար եւ պատրաստակամութիւն յայտնած է պատմական ամուր հիմերու վրայ ձեւաւորուած երկու բարեկամ պետութիւններու յարաբերութիւնները աւելի աշխուժացնելու եւ խորացնելու վերաբերեալ:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Հայաստանի եւ Յունաստանի զինուորական եւ ռազմակազմածներու վերաբերող համագործակցութեան զարգացման վերաբերող եւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցեր: