Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախարար Լեւոն Մկրտչեան Ընդունած Է Պուլկարիոյ Դեսպանը

Դեկտեմբեր 21, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

levon_122016

Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեան երէկ ընդունած է Հայաստանի մէջ Պուլկարիոյ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Մարիա Ցոցորքովա – Քայմաքչիեւան: Լեւոն Մկրտչեան շնորհաւորելով նոր նշանակուած դեսպանը մեր երկրին մէջ դիւանագիտական առաքելութիւն սկսելու առնչութեամբ` համոզում յայտնած է, որ կրթութեան մարզին մէջ Պուլկարիոյ հետ յարաբերութիւնները զարգացման նոր մակարդակ պիտի արձանագրեն եւ այդ պարունակին մէջ կարեւոր նկատած է համագործակցութեան խորացման ուղղուած գործնական քայլերու իրականացումը:

Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուած է նաեւ «Հայաստանի կառավարութեան եւ Պուլկարիոյ կառավարութեան միջեւ կրթութեան եւ գիտութեան մարզերուն մէջ 2016-2020 թուականներու համագործակցութեան մասին» ծրագիրին: Նշուած է, որ միացեալ կրթական ծրագիրներ իրականացնելու նպատակով կը նախատեսուի աշխուժացնել միջհամալսարանական համագործակցութիւնը, յատկապէս` կրթաթոշակներու փոխանակման հոլովոյթի ծիրին մէջ: Զրուցակիցներուն հաստատումով` նոր ծրագիրի իրականացումը ուժականութիւն պիտի հաղորդէ հայ-պուլկարական կրթական համագործակցութեան ամրապնդման եւ զարգացման:

Նախարար Լեւոն Մկրտչեան տեղեկացուցած է, որ Հայաստան այս տարուընէ սկսեալ կ՛անդամակցի եւրոպական «Հորիզոն-2020» գիտական ցանցին եւ այդ շրջագիծին մէջ առաջարկած է աշխուժօրէն համագործակցիլ նաեւ գիտութեան մարզին մէջ` շեշտը դնելով յատկապէս բնական գիտութիւններուն վրայ:

Շնորհակալութիւն յայտնելով կրթութեան մարզին մէջ առկայ համագործակցութեան համար` դեսպան Մարիա Ցոցորքովա – Քայմաքչիեւա կարեւոր նկատած է համագործակցութեան նոր ծրագիրի ստորագրումը` յոյս յայտնելով, որ անիկա կրթութեան մարզին մէջ երկու երկիրներու միջեւ զարգացման նոր հեռանկարներ պիտի բանայ:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են նաեւ շարք մը ընթացիկ աշխատանքային հարցեր:

 

 

 

Նախորդը

Վիգէն Սարգսեան Հանդիպում Ունեցած Է Յունաստանի Նախագահին Հետ

Յաջորդը

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Հրաւիրած Է Ազգային Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի

RelatedPosts

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւնը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Եւրոպայի Ընկերվարականներու Կուսակցութիւնը Ազրպէյճանին Կոչ Կ՛ուղղէ Ապահովելու Արցախահայութեան Վերադարձը
Հայկական

Եւրոպայի Ընկերվարականներու Կուսակցութիւնը Ազրպէյճանին Կոչ Կ՛ուղղէ Ապահովելու Արցախահայութեան Վերադարձը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Մարակոս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Իր Գործիքները Ներդրելու «Թրամփի Ուղի» Նախագիծը Եւ «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» Նախաձեռնութիւնը Կեանքի Կոչելու Համար»
Հայկական

Մարակոս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Իր Գործիքները Ներդրելու «Թրամփի Ուղի» Նախագիծը Եւ «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» Նախաձեռնութիւնը Կեանքի Կոչելու Համար»

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?