Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իտալական Հրամանատարութիւնը Կ՛ակնկալէ Լիբանանի Մէջ Հայ Խաղաղապահներու Թիւի Յաւելում` Մինչեւ 100 Հոգի

December 21, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

italy_122016

Բազմաթիւ մետալներու, անթիւ շնորհակալագիրներու, այլ պարգեւներու եւ երախտագիտութեան խօսքերու արժանացած հայ խաղաղապահներուն մասին հպարտութեամբ խօսած է Հայաստանի բանակի խաղաղապահ ջոկատի հրամանատար, զօրավար Արթուր Սիմոնեան` ներկայացնելով անոնց ձեռքբերումներն ու յաջողութիւնները: Հայ խաղաղապահները իրենց առաքելութիւնը կատարելու ատեն միշտ ուշադրութիւն կը գրաւեն պատրաստուածութեան բարձր մակարդակով: Եւ ատիկա պատահաբար չ՛ըլլար, այլ ամէնօրեայ, ամէնժամեայ աշխատանքի արդիւնք է:

«Բաւական մեծ թիւով ռազմափորձերու մասնակցած ենք ՕԹԱՆ-ի  ծրագիրով, տարեկան մէկ, երկու անգամ մասնակցած ենք մեր զինուած ուժերու պատրաստութեան ծրագիրով կազմակերպուած  ռազմափորձերու, ինչպէս նաեւ մեր մասնակցութիւնը ապահոված ենք Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան շրջագիծին մէջ կազմակերպուած վարժանքներուն», «Արմէնփրես»-ի մամլոյ սրահին մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին ըսած է Արթուր Սիմոնեան:

Խաղաղապահ ջոկատը միշտ ուշադրութիւն կը դարձնէ վերապատրաստման տարբեր դասընթացքներու, փորձի փոխանակումներուն` կապ  հաստատելով յառաջատար զինուած ուժերու ներկայացուցիչներուն հետ: Արթուր Սիմոնեան նկատել տուած է, որ հայկական զինուած ուժերու ղեկավարութիւնը խաղաղապահները կը նկատէ այն օղակը, որով միջազգային փորձը մուտք կը գործէ հայկական բանակ: Հայ խաղաղապահներուն յաջողութիւններէն Արթուր Սիմոնեան առանձնացուցած է տարբեր տեսակի վերապատրաստում-քննութիւններու ընթացքին արձանագրուած յաջողութիւններ: 2007-ին առաջին դասակարգի գնահատական ստացած է մէկ վաշտը, այնուհետեւ 2008 թուականին վաշտը ստացած է համագործակցելի գնահատական, 2009 թուականին կատարուած է առաջին հրաձգային գումարտակի ինքնագնահատումը: Ստանալով բարձր գնահատական ՕԹԱՆ-ի հրամանատարութեան կողմէ` դիմում ներկայացուած է գումարտակի 2-րդ աստիճանի գնահատման համար:

Հայաստանի զինուած ուժերու խաղաղապահ ջոկատի Ռազմաքաղաքացիական համագործակցութեան բաժանմունքի պետ փոխգնդապետ Սամուէլ Սարգսեան նկատել տուած է, որ հայ խաղաղապահները տարբեր իրավիճակներու մէջ կարողութիւն ունին արագ կողմնորոշուելու:

Հայ խաղաղապահները իրենց առաջին առաքելութիւնը կատարած են 2004 թուականին Քոսովոյի տարածքին` յունական զօրախումբի կազմին մէջ: Եղած է 32 հոգիէ կազմուած խումբ: Յաջորդող տարիներուն հայ խաղաղապահները առաքելութիւն կատարած են Իրաքի, Աֆղանիստանի եւ Լիբանանի մէջ: Արթուր Սիմոնեան դիտել տուած է, որ իտալական կողմը կ՛ակնկալէ Լիբանանի մէջ զօրախումբին թիւը աւելցնել եւ հայ խաղաղապահներու թիւը հասցնել մինչեւ 100-ի: Արթուր Սիմոնեան նշած է, որ հայ խաղաղապահներուն համալրուածութիւնը այնպիսին է, որ կարելիութիւն կայ 4-5 անգամ աւելի մարդ գործուղելու:

Արտասահմանեան բազմաթիւ գործընկերներու կողմէ երախտիքի խօսքեր ստացած ենք: Աֆղանիստանի Քունտուզ քաղաքին մէջ մեր առաջին զօրախումբը վերադարձաւ, չպայթած զինամթերք յայտնաբերեց օդակայանի տարածքին մէջ: Այդ նոյն օդակայանին մէջ մեր զինծառայողները յայտնաբերեցին երկու թաքնուած աֆղանցի, որոնք միջազգային հետախուզման մէջ էին: Հետագային պարզուեցաւ, որ  ահաբեկիչներ են:

Արթուր Սիմոնեան ներկայացուցած է փոխգնդապետ Աշոտ Զախարեանը` զայն բնորոշելով իբրեւ համեստ սպայ, որ Լիբանանի մէջ դիտորդական առաքելութիւն կատարելու ընթացքին կանխած է երկու ցեղային խմբաւորումներու միջեւ բախումը: Իտալացի զօրավարը օրին հիացմունքով արտայայտուած է այդ դէպքին մասին:

9 յունուարին հայ խաղաղապահներու 65 հոգիէ բաղկացած զօրախումբը պիտի երթայ Աֆղանիստան: Հինգ օր առաջ ալ Հայաստան վերադարձած է Քոսովոյի մէջ առաքելութիւն կատարած զօրախումբը:

 

Նախորդը

Սէյրան Օհանեան Յայտարարած Է Յառաջիկայ Ընտրութիւններուն Աշխուժ Ձեւով Մասնակցելու Մասին

Յաջորդը

Վիգէն Սարգսեան Հանդիպում Ունեցած Է Յունաստանի Նախագահին Հետ

RelatedPosts

ԵԱՏՄ-ի Մէջ Ներկայացուցին Հայաստանի  Անդամակցութեան Կասեցման  Հետեւանքներուն Մասին Զեկուցումը
Գլխաւոր լուրեր

ԵԱՏՄ-ի Մէջ Ներկայացուցին Հայաստանի Անդամակցութեան Կասեցման Հետեւանքներուն Մասին Զեկուցումը

October 21, 2026
Արցախի Ազգային Ժողովի Նախագահը  ՔՈՓ17-ի Մասնակիցներուն Կոչ Ուղղեց`  Ուշադրութիւն Դարձնելու  Արցախահայութեան Իրաւունքներուն
Հայկական

Արցախի Ազգային Ժողովի Նախագահը ՔՈՓ17-ի Մասնակիցներուն Կոչ Ուղղեց` Ուշադրութիւն Դարձնելու Արցախահայութեան Իրաւունքներուն

October 21, 2026
ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրի Վաւերացումը  Պիտի Ընդգրկուի Ազգային Ժողովի Օրակարգին Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրի Վաւերացումը Պիտի Ընդգրկուի Ազգային Ժողովի Օրակարգին Մէջ

October 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.