Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սէյրան Օհանեան Յայտարարած Է Յառաջիկայ Ընտրութիւններուն Աշխուժ Ձեւով Մասնակցելու Մասին

December 21, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

seyran_122016

Հայաստանի պաշտպանութեան նախկին նախարար Սէյրան Օհանեան յայտարարած է, որ յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն պիտի մասնակցի աշխուժ ձեւով:

Այս առիթով ան հրապարակած է յայտարարութիւն մը, որուն մէջ նշած է, թէ չի կրնար հանգիստ եւ անտարբեր դիտորդի կարգավիճակով հետեւիլ երկրին մէջ տեղի ունեցող ռազմաքաղաքական զարգացումներուն, քանի որ ամբողջ 17 տարի մաս կազմած է պետութեան եւ բանակի ստեղծման` Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնները ստանձնելով:

«Երբ երկրին մէջ կառավարման նոր համակարգ կը փորձեն ձեւաւորել` պայմանաւորուած սահմանադրական փոփոխութիւններով, ապա իւրաքանչիւր կարող ուժ` քաղաքացի, քաղաքական կուսակցութիւն, իրաւո՛ւնք ունի եւ պարտաւո՛ր է իր ներուժը ծառայեցնել այդ զարգացումներուն: Կը տեղեկացնեմ, որ նախարարական կարգավիճակին հրաժեշտ տուած են հանգիստ եւ առանց զգայական զեղումներու, հետագային մերժած եմ ինծի առաջարկուող բոլոր բարձր պաշտօնները, քանի որ ցանկութիւն ունիմ իմ փորձառութիւնս, գիտելիքներս եւ ջանքերս ինքնուրոյն ներդնել մեր պետութեան ներքաղաքական կեանքին մէջ փոփոխութիւններու հասնելու համար: Ես որոշում տուած եմ` աշխուժ մասնակցութիւն ունենալ քաղաքական եւ մասնաւորապէս ընտրական հոլովոյթներուն` առաջնորդուելով «յանուն»-ի գաղափարով` յանուն պետութեան անվտանգութեան, ազգային գաղափարներու իրականացման», նշուած է Օհանեանի տարածած յայտարարութեան մէջ:

Ան աւելցուցած է, որ իրեն համար քաղաքական հոլովոյթներուն մաս կազմելու դիմում ներկայացնելը ինքնանպատակ չէ, այլ հայրենիքին ծառայելու նոր ինքնադրսեւորում: «Ես կտրականապէս կը մերժեմ, երբ քաղաքական գործիչներու կարծիքներու եւ տեսակէտներու բախումը կը վերածուի ծայրայեղ տագնապի, փոխադարձ թշնամանքի եւ ատելութեան: Դէմ եմ, երբ այլակարծութիւնը կը դառնայ քաղաքական հետապնդումներու, զրպարտութեան, հայհոյախօսութեան թատերաբեմ: Ընտրապայքար մտնող բոլոր քաղաքական ուժերը եւ գործիչները պարտաւոր են դրսեւորել միմեանց հանդէպ փոխադարձ յարգանք եւ զսպուածութիւն: Սահմանադրական փոփոխութիւններէն ետք յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններու դերն ու նշանակութիւնը արմատապէս կը տարբերին միւսներէն, քանի որ անցում կատարուած է պետական կառավարման խորհրդարանական համակարգին: Այսինքն` մեզի կը սպասեն ոչ թէ սովորական ընտրութիւններ, այլ ընտրութիւններ, որոնք իրենց կարեւորութեամբ հաւասարազօր են մինչ այժմ տեղի ունեցած նախագահական ընտրութիւններուն: Նախագահական եւ  Ազգային ժողովի ընտրութիւնները պիտի փոխարինուին մէկ` խորհրդարանական ընտրութեամբ, որուն արդիւնքով պիտի ձեւաւորուի ինչպէս օրէնսդիր, այնպէս ալ գործադիր իշխանութիւնը»:

Սէյրան Օհանեան յայտարարած է, որ կարեւոր նկատելով յառաջիկայ հոլովոյթները` սկսած է խորհրդակցութիւններու շարքի մը քաղաքական ուժերու, հասարակական կառոյցներու, յայտնի գործիչներու եւ մտաւորականներու հետ:

 

Նախորդը

Նախագահ Աուն Կը Դատապարտէ Անգարայի Մէջ Ռուս Դեսպանին Ահաբեկումը Եւ Պերլինի Դէմ Յարձակումը

Յաջորդը

Իտալական Հրամանատարութիւնը Կ՛ակնկալէ Լիբանանի Մէջ Հայ Խաղաղապահներու Թիւի Յաւելում` Մինչեւ 100 Հոգի

RelatedPosts

Ս. Էջմիածինի Մէջ Հայրապետական Սուրբ Պատարագ` Սուրբ Ծննդեան Եւ Աստուածայայտնութեան Տօնին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Ս. Էջմիածինի Մէջ Հայրապետական Սուրբ Պատարագ` Սուրբ Ծննդեան Եւ Աստուածայայտնութեան Տօնին Առիթով

January 9, 2026
Եկեղեցական Ղեկավարներ Լեւոն ԺԴ. Պապին  Կոչ Կ՛ուղղեն Հայ Գերիներու Ազատ Արձակման Համար
Հայկական

Եկեղեցական Ղեկավարներ Լեւոն ԺԴ. Պապին Կոչ Կ՛ուղղեն Հայ Գերիներու Ազատ Արձակման Համար

January 6, 2026
Ս. Էջմիածինը Կը Հակադարձէ Անջատուած  Եպիսկոպոսներու Ստորագրած Յայտարարութեան
Հայկական

Ս. Էջմիածինը Կը Հակադարձէ Անջատուած Եպիսկոպոսներու Ստորագրած Յայտարարութեան

January 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.