Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀԱՅԱՑՆԵԼ ՆԵՐԿԱՅ ԱՐՀԵՍՏԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆԸ (Թարգմանչաց Տօնին Առիթով)

October 8, 2011
| Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թարգմանչաց տօնին անդրադառնալը անշուշտ հայ գիրերու գիւտով պատմակերտ սերունդի մը գործունէութիւնը լոյսին բերելը չէ սոսկ: Մեր լինելութիւնն ու ազգի շարունակականութիւնը ապահոված այս աշխատանքը դարերու վրայ երկարող իր հետեւանքները կը շարունակէ ունենալ, առանց որոնց խիստ խնդրոյ առարկայ կը դառնար իբրեւ ազգ ու ժողովուրդ մեր գոյութիւնը այսօր:

Քաղաքական իմաստ կայ անշուշտ թարգմանական այդ հսկայածաւալ աշխատանքներուն ձեռնարկման շարժառիթներուն մէջ: Մշակութային օրուան կայսերապաշտական ձգտումները, հայութեան ինքնուրոյնութեան անմիջականօրէն սպառնացող օտար մշակոյթի ահագնացող ազդեցութիւնները լինել-չլինելու իրականութեան առջեւ դրած էին մեր հայրենիքն ու ժողովուրդը: Ամբողջ հոգեւոր ժառանգութեան մը հայացումն էր միայն փրկութիւնը: Մշակութային դիմադրութեան մը գաղափարախօսութիւնը, որուն հաւատացին պետական եւ հոգեւոր ներկայացուցիչները եւ լծուեցան անդուլ աշխատանքի:

Հոս կը կայանայ ազգային փրկութեան բանալիի գաղտնիքը: Համակողմանիօրէն շրջափակուած եւ ճնշուած Հայաստանը մշակութային ապաշրջափակման համար կը գտնէր իր ելքը: Երբեմնի համաշխարհայնացման վտանգաւոր տարբերակ մըն էր, որ ոչ միայն բախած էր մեր հայրենիքի դռները, այլեւ իր հովանիին տակ առած մեր հոգեւոր ու մշակութային ժառանգութիւնը: Վնասազերծման պետական եւ հոգեւոր գործողութիւններու շարք էր, որ փայլուն ձեւով գործադրեցին մեր թարգմանիչները:

Համաշխարհայնացման ներկայ օրերուն, տարբեր երեւոյթներով, ըստ էութեան սակայն նոյն ծաւալապաշտական նկրտումներով իրավիճակի համապատկերը կը կրկնուի մօտաւորապէս: Հաղորդակցութեան եւ արհեստագիտութեան դարաշրջանի մէջ կ՛ապրինք եւ ներկայ դրոյթները հսկայական առաւելութիւններ տրամադրած են ժողովուրդներուն` ժամանակի եւ տարածութեան սահմանները ջնջելու, ֆիզիքական կենդանի շփումները շրջանցելով գործերը իրենց լրումին հասցնելու: Իւրաքանչիւր մարզի մէջ հեռակայ կարգով` համակարգիչներու պաստառներու վրայ ցանցային միջավայրերու ձեւաւորումը, խորհրդակցութիւններն ու պայմանաւորուածութիւնները հիմնովին ձեւափոխած են հաղորդակցութեան հարթութեան վրայ նախկին աշխարհակարգը:

Ներկայ համակարգը իր անպատեհութիւններուն առընթեր ունի անշուշտ իր առաւելութիւնները յատկապէս աշխարհատարած ժողովուրդներու պարագային բոլոր մարզերուն մէջ ցանցային համախմբուածութիւններ յառաջացնելու տեսակէտէն:

Խնդիրը, ուղղակի թարգմանական աշխատանքին վերադառնալով, այսօրուան հաղորդակցական աշխարհակարգի ընդհանուր պարունակին մէջ գործող դրութիւններու եւ ծառայութիւններու հայացումն է: Այն ինչ որ կ՛արտադրէ այսօրուան արհեստագիտութիւնը այս մարզին մէջ արագօրէն հայացնելու եւ մանաւանդ այդ բոլորը հայերէնով օգտագործելու անյետաձգելի հրամայականն է: Կը խօսինք համացանցի որոնողական ծառայութիւններու, ընկերային ցանցերու, «Էս. Էմ. Էս.» հաղորդակցութիւններու, «Այ փետ»երու եւ առհասարակ սմարթ ֆոներու ընձեռած անվերջ նորոգուող կարելիութիւններու ամբողջական հայացման անհրաժեշտութեան մասին:

Թարգմանչաց պատմական սերունդը իր առաքելութիւնը պատուով կատարեց: Այսօր եւս անհրաժեշտութիւնը կայ թարգմանչաց սերունդին արհեստագիտական նոր համակարգերը հայացնելու աշխատանքներուն: Արագութեան դարաշրջան է: Արագութիւնը հրամայական է:

երը պէտք է ըլլան այնպէս, որ անկէ բխած արդիւնքները ծառայեն խաղաղութեան եւ ոչ պատերազմին»:

Նախորդը

ՏԵՍԱԿԷՏ. ՍԱՐՔՈԶԻԻ ԸՆՏՐԱԿԱՆ ԻՄԱՍՏՈՒՆ ՔԱՅԼԸ

Յաջորդը

ԵՒՐՕ-2012. ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՓԱՅԼՈՒՆ ԵՒ ՏՊԱՒՈՐԻՉ ՅԱՂԹԱՆԱԿԸ` ՄԱԿԵԴՈՆԻՈՅ ԴԷՄ (4-1)

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Խմբագրական.  Վերաիմաստաւորե՛լ Ազգային Ուխտը  (Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով)
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Վերաիմաստաւորե՛լ Ազգային Ուխտը (Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով)

November 21, 2026
Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկի Թաքուն Բաժինը Եւ Ժողովուրդին Կամքը

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.