Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԵՒՐՕ-2012. ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՓԱՅԼՈՒՆ ԵՒ ՏՊԱՒՈՐԻՉ ՅԱՂԹԱՆԱԿԸ` ՄԱԿԵԴՈՆԻՈՅ ԴԷՄ (4-1)

October 8, 2011
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յաղթանակ մը եւս եւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը կ՛ապահովէ Եւրօ-2012-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքի աւարտական հանգրուանի մրցումներուն իր տոմսը, եթէ յաջողի յառաջիկայ երեքշաբթի, 11 հոկտեմբերին յաղթանակով մը վերադառնալ Այիրի դաշտէն:

Հայրենի կազմը երէկ փայլուն եւ տպաւորիչ յաղթանակ մը արձանագրեց, երբ 4-1 արդիւնքով ջախջախեց իր հիւրը` Մակեդոնիան:

***

ՀԱՅԱՍՏԱՆ 4-1 ԱՐԴԻՒՆՔՈՎ ՋԱԽՋԱԽԵՑ ՄԱԿԵԴՈՆԻԱՆ
ԵՒ ՊԱՀԵՑ ՓԼԷՅ-ՕՖԻ ՄՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ՏՈՄՍ ՄԸ
ԱՊԱՀՈՎԵԼՈՒ ԻՐ ՅՈՅՍԵՐԸ

Երէկ, Երեւանի Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ Հայաստան – Մակեդոնիա մրցումը, որ կ՛իյնայ Եւրօ-2012-ի ֆութպոլի ծիրին մէջ (Բ. խմբակ):

Հայաստան, որ ցարդ որեւէ մրցաշարքի աւարտական հանգրուանի մրցումներուն տոմս մը ապահոված չէ, 4-1 արդիւնքով ջախջախելէ ետք իր հիւրը, այսպիսով փլէյ-օֆի մրցումներուն տոմս մը ապահովելու իր յոյսերը բարձր պահեց:

Հայրենի կազմին համար այժմ կարեւոր է զտումի վերջին մրցումին ալ յաղթանակ արձանագրել եւ պարտութեան մատնել իր վերջին մրցակիցը` Այիրը (երեքշաբթի, 11 հոկտեմբերին)` վերջինիս դաշտին վրայ:

Վերադառնալով մրցումին, հիւր կազմը, որ կորսնցնելէ ոչինչ ունէր, կը փորձէր իր կիրարկած յարձակողական խաղաոճով ղեկը առնել իր ձեռքին մէջ: Իրենց կարգին, հայրենի մարզիկները եւս սկսան դիմել յարձակողական խաղաոճի` նկատի ունենալով, որ երեք կէտը կը նկատուէր շատ կարեւոր:

Հայրենի կազմը 28-րդ վայրկեանին բացաւ մրցումին հաշիւը` շնորհիւ Մարքոս Փիցելլիի նշանակած կոլին: Վեց վայրկեան ետք, Հենրիխ Մխիթարեան արդիւնքը բարձրացնելով երկուքի իր խմբակիցներուն հետ հանդերձարան ուղղուեցաւ քիչ մը հանգստութեամբ եւ գոհունակութեամբ:

Բ. կիսախաղը սկսելէն ութ վայրկեան ետք, հիւր կազմին մարզիկներէն Վելիսէ Սումուլիքովսքի, իր երկրորդ դեղին քարտը ստանալէ եւ բնականաբար կարմիր քարտ ստանալէ ետք դաշտէն վտարուեցաւ:

69-րդ վայրկեանին, Եուրա Մովսիսեանի աջ կողմէն կատարած սքանչելի փոխանցումէն ետք, Գէորգ Ղազարեան արդիւնքը բարձրացուց երեքի: Չորրորդ կոլին մէջ եւս Մովսիսեան ունեցաւ իր կարեւոր բաժինը, երբ անոր փոխանցումէն ետք Արթուր Սարգիսով առանձին մնալով բերդապահին հետ եւ խաբելով Մարթին Պոկաթինովի, նշանակեց Հայաստանի չորրորդ եւ վերջին կոլը (91-րդ):

Նշենք, որ հիւր կազմը 86-րդ վայրկեանին նշանակեց իր միակ կոլը, երբ քորնըրէ մը եկած գնդակը Վանսօ Սիքով գլխու հարուածով մը հասցուց բերդապահ Ռոման Պերեզովսքիի բերդին ուռկաններուն:

Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, այժմ Հայաստան բարձր տրամադրութեամբ պիտի մեկնի Տապլին` մրցելու համար իր վերջին մրցակիցին` Այիրի դէմ:

Նշենք, որ այս տարի Եու. Է. Էֆ. Ա.ն որոշած էր, որ ազգային հաւաքականներուն հետ 100-է աւելի մրցում կատարողները յատուկ պարգեւ պիտի ստանան: Նախքան մրցումին սկսիլը, խմբապետ Սարգիս Յովսէփեան ստացաւ այդ պարգեւը` Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ռուբէն Հայրապետեանէն:

Եթէ հայրենի ֆութպոլիստները մէկ կողմէ կերտեցին խումբին այս սքանչելի յաղթանակը, միւս կողմէ ատոր մէջ իրենց կարեւոր դերակատարութիւնը ունեցան թրիպիւնները ամբողջութեամբ լեցուցած հայ համակիրները, որոնք տօնական մեծ մթնոլորտ ստեղծեցին եւ ամբողջ 90+4 վայրկեան քաջալերեցին դաշտին վրայ պայքարի մեծ ոգիով մրցում կատարած իրենց մարզիկները:

Նշենք, որ նշանակուած իւրաքանչիւր կոլէ ետք, մեծ ուրախութեամբ իր տեղէն կը ցատկէր եւ կը ծափահարէր Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան, որ պատուոյ թրիպիւնին մէջ նստած էր` իր կողքին ունենալով Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւոր եւ ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ռուբէն Հայրապետեանը:

Երէկուան մրցումին իրաւարարն էր աւստրիացի Ռոպըրթ Շոյերկենհոֆըր:

Մակեդոնիոյ դէմ տեղի ունեցած մրցումին, Հայաստան դաշտ ներկայացաւ հետեւեալ կազմով.

Ռոման Պերեզովսքի, Լեւոն Հայրապետեան, Արթուր Եուզպաշեան, Սարգիս Յովսէփեան, Կարլեն Մկրտչեան (Արթուր Սարգիսով, 75-րդ), Արթուր Ետիկարեան, Մարքոս Փիցելլի (Էտկար Մանուչարեան, 63-րդ), Գէորգ Ղազարեան (Էտկար Մալաքեան, 83-րդ), Վալերի Ալեքսանեան, Եուրա Մովսիսեան եւ Հենրիխ Մխիթարեան:

 

 

Նախորդը

ՀԱՅԱՑՆԵԼ ՆԵՐԿԱՅ ԱՐՀԵՍՏԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆԸ (Թարգմանչաց Տօնին Առիթով)

Յաջորդը

ՄԱՄԼՈՅ 60-ՐԴ ԼՍԱՐԱՆ. ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԱՐՏԱԴՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԴԵՐԱԿԱՏԱՐՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ ԴԱՍԱԽՕՍԵՑ ԳԱՐԵԳԻՆ ՉՈՒԳԱՍԸԶԵԱՆ

RelatedPosts

Մարմնամարզութիւն.  Գրիշա Սարգսեան  Երկու Ոսկի Մետալ Եւս Նուաճեց
Մարզական

Մարմնամարզութիւն. Գրիշա Սարգսեան Երկու Ոսկի Մետալ Եւս Նուաճեց

November 24, 2026
Բռնցքամարտ.  Քէյեան Եւ Սիմոնեան  Պրոնզէ Մետալներ Նուաճեցին
Մարզական

Բռնցքամարտ. Քէյեան Եւ Սիմոնեան Պրոնզէ Մետալներ Նուաճեցին

November 24, 2026
Ճատրակ.  Հայկ Մարտիրոսեան 9-րդ Դիրքը Գրաւեց.  Լեւոն Արոնեան` 14-րդ
Մարզական

Ճատրակ. Հայկ Մարտիրոսեան 9-րդ Դիրքը Գրաւեց. Լեւոն Արոնեան` 14-րդ

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.