Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Օդը Շատ Տա՞ք

Դեկտեմբեր 17, 2016
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

dak-ot_121716

Արքթիք ովկիանոսին մէջ գտնուող օդերեւութաբանական յատուկ գործիքները արձանագրած են տարուան այս շրջանին համար անբնականօրէն բարձր միջեւ ջերմաստիճաններ: Այս տարուան միջեւ ջերմաստիճանը 20 աստիճանի տարբերութիւն մը կ՛արձանագրէ եղանակին բնական աստիճաններէն աւելի:

Այս տարուան վերջաւորութեան հիւսիսային բեւեռին հազուագիւտ պարագան յատկապէս մտահոգիչ է: Ըստ վերջին արձանագրուած թիւերուն, այժմ միջին հաշուով -5 է ջերմաստիճանը Արքթիքի մէջ, մինչ սովորաբար -25 կ՛արձանագրուի այս ժամանակաշրջանին, երբ կը սկսի երկար բեւեռային գիշերը: Կարգ մը շրջաններու մէջ արձանագրուած են նոյնիսկ մինչեւ +7 հասնող տաքութեան աստիճաններ:

* * *

Սովորաբար ձմրան Արքթիքի ջերմաստիճանը զերոյէն շատ աւելի ցած կ՛իջնէ` ջուրին վրայ յառաջացնելով սառոյցի հաստ խաւ մը` սառցակոյտը: Այս տարի այս երեւոյթը բնականէն շատ աւելի դանդաղած է, եւ սառոյցի խաւը նուազ հաստ է: 2016-ը յաջորդաբար երկրորդ տարին է, որ հիւսիսային բեւեռին մօտիկ շրջաններու ջերմաստիճանը անբնականօրէն բարձր աստիճաններու կը հասնի: 2015-ի վերջաւորութեան նման պարագայ մը արձանագրուած էր հիւսիսային Ատլանտեանի վրայ` մեծ փոթորիկի մը պատճառով, որ տաք օդի մէջ զանգուած մը ուղղած էր դէպի հիւսիսային բեւեռ: Նոյն պատկերը կը կրկնուի այս տարի. հարաւէն եկած մեծ քանակով տաք եւ խոնաւ օդ մը կը ծածկէ հիւսիսային բեւեռը:

* * *

Այս երեւոյթին պատճառները բազմաթիւ են: Անշուշտ անոնց կարգին կը գտնուի ընդհանուր կլիմայի տաքնալու երեւոյթը: Գիտնականները կ՛ենթադրեն, որ հաւանաբար տաքութեան նոր մրցանիշ մը արձանագրուի եկող տարի: Դժբախտաբար շատ անհաւանական է, որ այս տաքութեան երեւոյթը շրջուի: Ընդհակառակը, գիտնականները կը նախատեսեն, որ քանի մը տարիէն Արքթիքի ովկիանոսը կրնայ ամբողջովին հալիլ ամրան եղանակին, եւ ձմրան սառոյցի բարակ խաւ մը միայն կազմուի: Ասիկա շատ մտահոգիչ է, որովհետեւ այս սառցակոյտը կը մեկուսացնէ ովկիանոսին տաքութիւնը եւ անոր արգելք կ՛ըլլայ օդին մէջ անցնելէ. մենք կը գտնուինք անվերջ շրջանակի մը մէջ. կլիման կը տաքնայ, սառոյցը կը հալի, եւ որքան սառոյցը կը հալի, այնքան աւելի կլիման կը տաքնայ…

 

Ձեռային Աշխատանք

Կաղանդի Պատրաստութիւններ

tserayin-1_121716

Ա) «Զանգակնե՜ր, զանգակնե՜ր…»

Պէտք ունիս.– Դեղին, բարակ խաւաքարտերու, գոց կանաչ եւ կարմիր, բարակ խաւաքարտի կտորներու, գունաւոր բարակ պարան կամ հաստ բուրդի, գունաւոր ուլունքներու:

Պատրաստութիւն.–

tserayin-2_121716

1.- Դեղին խաւաքարտին վրայ շրջանակ մը գծէ` կլոր պնակ մը գործածելով: Կտրէ:
2.- Պարանի կամ բուրդի կտորին երկու ծայրերը երեքական ուլունք անցուր եւ հանգոյց մը ըրէ, որպէսզի դուրս չթափին:
3.- Պարանը երկուքի ծալէ եւ զայն զետեղէ դեղին կլորակին ծայրը` պզտիկ բաժին մը դուրս ձգելով:
4.- Դեղին խաւաքարտէ կլորակին երկու կողմերը թեթեւօրէն ծալէ պարանին վրայ, ինչպէս որ նշուած է նկարին մէջ: Կցիչով կցէ:
tserayin-3_121716

5.- Կանաչ խաւաքարտին վրայ գծէ եւ կտրէ Կաղանդի տերեւներ, իսկ կարմիր խաւաքարտին վրայ գծէ եւ կտրէ կարմիր կլորակներ: Զանոնք փակցուր զանգակին վրայ:

 

tserayin-4_121716

Բ) «Կաղանդ պապան եկեր է»

Պէտք ունիս.– Խաւաքարտէ ճերմակ պնակի, կարմիր, բարակ խաւաքարտի, վարդագոյն թուղթի, ճերմակ թուղթի, սեւ մելան ներկի:

Պատրաստութիւն.

tserayin-5_121716

1.- Խաւաքարտէ պնակը մէջտեղէն երկուքի ծալէ:
2.- Կարմիր խաւաքարտին վրայ գծէ եւ կտրէ մեծ եռանկիւն մը: Անոր հիմքի երկայնքը պնակի տրամագիծէն քիչ մը աւելի փոքր պէտք է ըլլայ:
3.- Կարմիր եռանկիւնին հիմքը եւ գագաթը ծալէ, ինչպէս որ նշուած է նկարին մէջ: Ճերմակ թուղթին վրայ գծէ եւ կտրէ կլորակ մը: Զայն փակցուր գլխարկին ծայրը:
4.- Վարդագոյն թուղթին վրայ գծէ եւ կտրէ Կաղանդ Պապային աչքերուն եւ այտերուն բաժինը ինչպէս որ նշուած է պատկերին մէջ:
5.- Կարմիր խաւաքարտին վրայ կլորակ քիթը գծէ եւ կտրէ: Զայն փակցուր վարդագոյն այտերուն միջեւ:
6.- Կաղանդ Պապային գլխարկը եւ դէմքը փակցուր ծալուած խաւաքարտէ պնակին վրայ: Սեւ ներկով գծէ աչքերը եւ մեծ ժպիտը:

 

tserayin-7_121716

Գ) Կաղանդ Պապային եղջերուները

Պէտք ունիս.– Սրճագոյն, բարակ խաւաքարտի, սեւ, բարակ խաւաքարտի կտորի մը:

Պատրաստութիւն.

tserayin-8_121716

1.- Սրճագոյն խաւաքարտին վրայ գծէ եւ կտրէ եղջերուին մարմինը եւ գլուխը: Կրնաս նաեւ խաւաքարտը երկուքի ծալել եւ գոց կողմին ծայրէն գծել եղջերուին մարմինը` սկսելով ոտքերէն: Երբ ծալուած պատկերը կտրես եւ բանաս պիտի ստանաս լման մարմինը:
2.- Եղջերուին մարմինը ծալէ կէտաւոր գիծերուն վրայէն: Կռնակի եւ պոչիկին բաժինները իրարու  փակցուր: Փակցուր նաեւ եղջերուին գլուխը:
3.- Սեւ խաւաքարտին վրայ գծէ եւ կտրէ եղջերուին կոտոշները: Զանոնք փակցուր գլխուն ետեւէն:
4.- Կրնաս նաեւ քիթը գծել եւ կտրել կարմիր խաւաքարտի մը վրայ եւ ապա զայն փակցնել եղջերուին դէմքին վրայ:

 

100 Կաղանդի Ծառերով
Զարդարուած Տունը

gaghanti-dsar_121716

Գերմանիոյ Ռինթըլն փոքրիկ քաղաքին մէջ գերմանացի զոյգ մը սովորութիւն դարձուցած է իրենց տունը իւրայատուկ ձեւով զարդարելու Կաղանդի շրջանին:

Թոմաս եւ Սիւզան Ժերոմինի տունը դուրսէն շատ պարզ եւ բնական կ՛երեւի: Սակայն երբ մենք կը բանանք դուռը եւ սեմէն ներս կ՛անցնինք, ամբողջովին տարբեր տեսարան մը կը պարզուի մեր առջեւ: 100 Կաղանդի ծառեր սփռուած են տան 105 քառակուսի մեթրի մէջ, խոհանոցէն մինչեւ բաղնիքները` անցնելով նստասենեակէն, աստիճաններէն… Այս տարի Թոմաս եւ Սուզան գործածած են 16 հազար զարդարանքներ եւ աշխատած են ութ շաբաթ` ամբողջ տունը կերպարանափոխելով: Անոնք սկսած են մէկ ծառ զարդարելով, նստասենեակին մէջ, ապա անցքին մէջ… հինգ տարիէն անոնք վերջապէս կրցած են ծածկել գրեթէ ամբողջ տունը: Միայն ննջասենեակը զանց առնուած է այս զարդարանքներէն: Հոն է, որ զոյգ կ՛ապաստանի, երբ Կաղանդի փայլքը զիրենք յոգնեցնէ:

 

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել ձիւնեմարդուն գլխարկին հասցնող ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել ձիւնեմարդուն գլխարկին հասցնող ճամբան:

 

img-20161215-wa0033

 

Կրնա՞ս ամբողջացնել պատկերը տուփիկներուն հետեւելով:
Կրնա՞ս ամբողջացնել պատկերը տուփիկներուն հետեւելով:
Նախորդը

50 Տարի Առաջ (17 Դեկտեմբեր 1966)

Յաջորդը

Սլաք. Ծայրայեղ Հակասութիւն

RelatedPosts

Ի՞նչ Է Ալկորիթմը
Մանկապատանեկան

Ի՞նչ Է Ալկորիթմը

Մայիս 10, 2025
Եութուպը (YouTube) 20 Տարեկան Է
Մանկապատանեկան

Եութուպը (YouTube) 20 Տարեկան Է

Մայիս 3, 2025
Ձեռային Աշխատանք.  Զատկուան Պատրաստութիւններ
Մանկապատանեկան

Ձեռային Աշխատանք. Զատկուան Պատրաստութիւններ

Ապրիլ 12, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?