ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Շատ կարեւորութիւն կու տաք մանրամասնութիւններու, որոնք անհրաժեշտ չեն: Կարեւոր հարցերով զբաղեցէք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Վկայականները այնքան ալ էական չեն, կարեւորը փորձառութիւնն է, որով կրնաք աւելի լաւ գործ արտադրել: Գործնական եղէք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ձեր ծախսերուն գերին դարձած էք: Գնումներ կատարելու համար սպասեցէք աւելի յարմար օրերու: Ծախսելը ուշիմութիւն կ՛ուզէ:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Միշտ աւելին կ՛աշխատիք ուրիշներէն տեսնուելու համար: Ցուցամոլութիւնը թերութիւն է, հեռո՛ւ կեցէք:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Պարանը որքան զօրաւոր քաշէք, կը վնասէք ձեր մարմինին: Քիչով գոհանալը պարկեշտութիւն է: Ագահ մի՛ ըլլաք:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ձեր բարեկամներէն ոչինչ խնդրեցէք: Անկարելի հարցեր մի՛ ստեղծէք: Մնացէք ձեր փորձառութեան սահմանին մէջ:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ներդաշնակութիւնը, որ կը փնտռէք, պիտի գտնէք ձեր աշխատանքին մէջ: Իւրաքանչիւր աշխատող նկատի ունի իր անձը եւ յաջողելու առիթը:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ճամբորդութիւն մը ձեզ ջղային վիճակի պիտի մատնէ: Ժամանակ տրամադրեցէք շունչ մը առնելու, հեռու մնացէք աճապարանքէ:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Վճարումներ եւ պարտքեր ունիք, պէտք է կատարէք զանոնք, որպէսզի անհոգ մնաք: «Մեղքը լալով, պարտքը տալով» կ՛ըսէ առածը:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Աշխատանքի մէջ հեռու կը մնաք կարգ մը գործակիցներէ, իսկ անոնք կը զգան ձեր խուսափումը: Սիրալիր մթնոլորտ մը ստեղծեցէք:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ուշադիր եղէք ձեր առողջութեան: Հեռու մնացէք պաղառութենէ: Որքան որ կրնաք, հանգիստ ըրէք այս պարագային:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Սիրոյ հարցի պարագային պէտք է ըլլալ ուշիմ եւ համբերող: Ձեր կեցուածքը նկատի պիտի առնուի, եւ ըստ այնմ պիտի ստեղծուի նոր յարաբերութիւն:
