ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ֆրանսայի նոր նշանակուած ներքին գործոց նախարար Պրունօ լը Ռուի անունը մաս կը կազմէ Ազրպէյճանի կողմէ անբաղձալի նկատուող անձերու ցանկին. 7 դեկտեմբերին այս մասին տեղեկացուց Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Հիքմեթ Հաճիեւ: Ան ըսաւ, որ Լը Ռու իբրեւ Ֆրանսայի խորհրդարանի անդամ սեպտեմբեր 2015-ին «ապօրինի կերպով այցելած է» Արցախ:
Նշենք, որ ընկերվարական երեսփոխանը Ֆրանսա-Արցախ բարեկամութեան խմբակի անդամ է: