Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԵԱՀԿ Մինսքի Խմբակի Համանախագահ Երկիրներու Արտաքին Գործոց Նախարարներուն Յայտարարութիւնը` Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապին Մասին

December 9, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

osce-minsk-group_120816

Համպուրկի մէջ տեղի ունեցող ԵԱՀԿ-ի նախարարական վեհաժողովի ծիրին մէջ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին առնչութեամբ միացեալ յայտարարութիւն որդեգրած են ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրներու պատուիրակութիւններուն ղեկավարները` Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրին եւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Մարք Էյրոն:

Յայտարարութեան մէջ յատկապէս շեշտուած է, որ համանախագահող երկիրները լիովին յանձնառու են Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի բանակցային լուծման:

«Նկատի առնելով ապրիլին շփման գիծին մէջ բռնութեան աճը, մենք մտահոգութիւն կը յայտնենք շարունակական զինուած դէպքերու, որոնց կարգին ծանր զինատեսակներու գործածութեան առնչութեամբ եւ խստօրէն կը դատապարտենք ուժի եւ սպառնալիքի կիրարկումը: Այս տագնապը զինուորական լուծում չունի, եւ ոչ մէկ արդարացում կայ քաղաքացիներու մահուան եւ վիրաւորման դէպքերուն գծով:

«Մենք նաեւ տեղեակ ենք ռազմաճակատին մէջ ապրիլին տեղի ունեցած վայրագութիւններուն մասին, զորս կը դատապարտենք խստագոյն ձեւակերպումներով: Մենք կոչ կ՛ուղղենք կողմերուն` հաստատելու իրենց յանձնառութիւնը տագնապի խաղաղ լուծման` իբրեւ շրջանի ժողովուրդներուն միջեւ համերաշխութեան հաստատման միակ ուղի: Մենք նաեւ կոչ կ՛ուղղենք անոնց` խստօրէն հետեւելու 1994-1995 թուականներու զինադադարի համաձայնագիրներուն, որոնք տագնապի գօտիին մէջ բռնութիւններու դադրեցման հիմնաւորումն են:

«Մենք կոչ կ՛ուղղենք Պաքուին եւ Երեւանին` յարգելու 16 մայիսին Վիեննայի եւ 20 յունիսին Ս. Փեթերսպուրկի վեհաժողովներուն ընդունուած միացեալ յայտարարութիւններուն մէջ ամրագրուած համաձայնութիւնները: Մենք կ՛ողջունենք կողմերուն արձանագրած յառաջընթացը` անհետ կորսուած անձերուն վերաբերեալ տեղեկատուութեան փոխանակումը` Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի հովանիին տակ: Կոչ կ՛ուղղենք կողմերուն` ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի առաքելութեան ընդլայնման հարցին մէջ վերացնելու բոլոր խոչընդոտները եւ յառաջընթաց արձանագրելու ԵԱՀԿ-ի հետաքննութեան մեքանիզմի ստեղծման առաջարկին շուրջ: Առաջարկները պէտք է գործադրուին տագնապի լուծման շուրջ բանակցութիւններու անմիջապէս վերսկսման զուգահեռ:

«Մենք կ՛ուզենք կրկնել Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներուն ուղղուած մեր կոչը` ճկունութիւն ցուցաբերելու եւ բանակցային սեղանին վերադառնալու` ընթացիկ աշխատանքային առաջարկներու հիման վրայ դէպի կայուն խաղաղութեան հաստատում ընթանալու նպատակով: Այնքան ատեն որ բանակցութիւններուն մէջ յառաջընթաց չէ արձանագրուած, վերսկսուած բռնութեան հեռանկարները միայն կը մեծնան, իսկ կողմերը լիակատար պատասխանատուութիւն կը կրեն ատոր համար:

«Կողմերուն կը յիշեցնենք, որ տագնապին լուծումը պէտք է հիմնուի Հելսինքիի եզրափակիչ ուխտի, մասնաւորապէս ուժ չգործածելու, տարածքային ամբողջականութեան եւ ժողովուրդներու ինքնորոշման հաւասար իրաւունքներու հիման վրայ, ինչպէս նաեւ համանախագահող երկիրներու նախագահներուն առաջարկած յաւելեալ տարրերու հիման վրայ, որոնց կարգին` Լեռնային Ղարաբաղի յարակից տարածքներու վերադարձ ազրպէյճանական վերահսկողութեան ներքեւ, Լեռնային  Ղարաբաղի միջանկեալ կարգավիճակ, որ կ՛ապահովէ անվտանգութեան եւ ինքնակառավարման երաշխիքներ, Հայաստանը Լեռնային Ղարաբաղին միացնող միջանցք, Լեռնային Ղարաբաղի վերջնական իրաւական կարգավիճակը սահմանող իրաւականօրէն պարտադիր կամքի արտայայտութիւն, ներքին տեղահանուած բոլոր անձերու եւ գաղթականներու վերադարձ իրենց նախկին բնակութեան վայրեր եւ միջազգային անվտանգութեան երաշխիքներ, որոնք կը ներառեն խաղաղապահութեան գործողութիւն: Մեր երկիրները կը շարունակեն սերտօրէն աշխատիլ կողմերուն հետ, եւ մենք կոչ կ՛ուղղենք անոնց` ամբողջութեամբ օգտուելու ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն իբրեւ միջնորդներու օժանդակութենէն:

«Համանախագահները պատրաստ են Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներու հանդիպումը կազմակերպելու այն ատեն, երբ անոնք պատրաստ կ՛ըլլան: Մենք իսկապէս կը հաւատանք, որ նախագահները պէտք է բարի կամքով իրենց կարելին ընեն շուտ ներգրաւուելու բանակցութիւններուն մէջ: Նախագահներուն միջեւ շարունակական եւ ուղիղ երկխօսութիւնը, որ կը կատարուի համանախագահներուն հովանիին տակ, կը մնայ վստահութեան կառուցման եւ խաղաղ բանակցային հոլովոյթին մէջ յառաջընթաց արձանագրելու հիմնարար տարրը», նշուած է միացեալ յայտարարութեան մէջ:

 

 

Նախորդը

Ֆրանսացի Նոր Նախարարը Ազրպէյճանի «Սեւ Ցանկ»-ին Վրայ Է

Յաջորդը

«Քննարկումները Ցոյց Տուած Են, Թէ Որքա՛ն Անյետաձգելի Է Զինադադարի Ամրապնդումը Ղարաբաղեան-Ազրպէյճանական Շփման Գիծին Վրայ» Կ՛ըսէ Շթայնմայեր

RelatedPosts

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի  Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի  Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի  Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»

September 16, 2026
Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային  Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ  Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»
Հայկական

Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»

September 16, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.