Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ «Էսոշիէյթըտ Փրես»-ի. Օպամայի Վարչակազմը Անաղմուկ Ճանչցած Է Հայոց Ցեղասպանութիւնը

December 9, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

samantha-power_120516

6 դեկտեմբերին լոյս տեսած յօդուածի մը մէջ, «Էսոշիէյթըտ փրես» լրատու գործակալութեան յօդուածագիր Պրետլի Քլեփըր անդրադարձաւ անցեալ շաբաթ օր (3 դեկտեմբեր) հաղորդուած այն լուրին, թէ` մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ գտնուող Ողջակիզման թանգարան-յուշակոթողին մէջ կազմակերպուած հաւաքի մը ընթացքին, ցեղասպանագէտ եւ ՄԱԿ-ի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Սամանթա Փաուըր արտայայտուած է Հայոց ցեղասպանութեան ուրացման մասին:

Արդարեւ, Նոպէլեան մրցանակակիր եւ Հրէական Ողջակիզումէն վերապրած Էլի Վիզելի յիշատակին նուիրուած այդ ձեռնարկին ընթացքին, խօսելով Վիզելի օրերուն տեղի ունեցած անարդարութիւններուն մասին` Փաուըր ըսած էր. «Ան ականատես եղած է Հայոց ցեղասպանութեան ուրացման»: Այս նախադասութեան ակնարկելով` Պրետլի Քլեփըր հարց կու տայ. «Արդեօք Պարաք Օպամայի վարչակազմը առանց աղմուկի ճանչցա՞ծ է Հայոց ցեղասպանութիւնը»:

Յօդուածագիրը կը նշէ, որ 1915-ի սպանդները ցեղասպանութիւն կոչելը երկար ժամանակէ ի վեր ամերիկացի պաշտօնատարներու, ներառեալ` Օպամայի համար թապու (արգիլեալ) բառ եղած է, ապա կ՛աւելցնէ, որ իր այդ քայլով իսկ, ՄԱԿ-ի մէջ Օպամայի դեսպանը իր ղեկավարէ՛ն առաջ անցած է:

Քլեփըր նաեւ կը գրէ, որ հակառակ այն իրողութեան որ Փաուըր իր խօսքերը չէ մանրամասնած, անոնք շատ հաւանաբար պիտի զայրացնեն Թուրքիան, որ կատաղի կերպով կը հակադրուի Ցեղասպանութեան մասին որեւէ յիշատակման:

«Թուրքիոյ ռազմավարական դերը` իբրեւ Միացեալ Նահանգներու գործընկեր եւ ՕԹԱՆ-ի դաշնակից, պարտադրած է ամերիկացի պաշտօնատարներուն, որ չափազանց զգուշ ըլլան այդ դէպքերուն մասին խօսելու ատեն: Նշեալ խօսքերը զարմանալի՛ են յատկապէս, երբ նկատի առնուի, որ Փաուըր երկրին երկրորդ ամէնէն բարձրաստիճան դիւանագէտը կը նկատուի, ինչպէս նաեւ անոր համար, որ այդ խօսքերը կրնան Օպամայի հասցէին քննադատութիւն նկատուիլ», կ՛աւելցնէ ան: Քլեփըր նաեւ կը յիշեցնէ, որ Օպաման խոստացած էր ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը, սակայն չէ յարգած իր խոստումը:

Նշենք, որ դիւանագիտական աղբիւրներու համաձայն, Փաուըր աշխուժ աշխատանք տարած է համոզելու համար Օպաման, որ պաշտօնապէս ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը: Այս մասին հարցումի մը պատասխանելով` Փաուըրի բանբեր Քըրթիս Քուփըր յայտարարած է, թէ Ցեղասպանութեան մասին խօսքերը կատարուած են Վիզելի մեծարման պարունակին մէջ` նպատակ ունենալով «համոզել ուրիշները, որ կանգնին համակարգային անարդարութեան, զանգուածային բռնարարքներուն եւ ցեղասպանութեանց դէմ»: Քուփըր նաեւ նշած է, որ Փաուըրի խօսքերը պէտք չէ նկատել վարչակազմի քաղաքականութեան մէջ փոփոխութեան մը հետեւանք:

Իր կարգին, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարք Թոնըր յայտարարած է, որ այս գծով ամերիկեան քաղաքականութեան մէջ որեւէ փոփոխութիւն չկայ: «Նախագահը եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ բազմիցս իբրեւ պատմական փաստ ընդունած են, որ 1,5 միլիոն հայեր ջարդուած կամ դէպի իրենց մահը քալելու պարտադրուած են Օսմանեան կայսրութեան վերջին օրերուն, եւ աւելի՛ն` անոնք յայտարարած են, որ փաստերու լիարժէք, անկեղծ եւ արդարացի ճանաչումը մեր շահերէն կը բխի», ըսած է Թոնըր:

 

Նախորդը

Լաւրով. «Արեւելեան Հալէպի Մէջ Սուրիական Բանակի Գործողութիւնները Դադրեցուած Են»

Յաջորդը

Ֆրանսացի Նոր Նախարարը Ազրպէյճանի «Սեւ Ցանկ»-ին Վրայ Է

RelatedPosts

«Հայաստան» Խմբակցութիւնը  Հանդիպումներու Շարքի Մը Սկսած Է
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութիւնը Հանդիպումներու Շարքի Մը Սկսած Է

January 19, 2026
Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Թրամփի  Վարչակազմին Կոչ Կ՛ուղղէ` Ապահովելու  Բոլոր Հայ Գերիներու Վերադարձը
Գլխաւոր լուրեր

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Թրամփի Վարչակազմին Կոչ Կ՛ուղղէ` Ապահովելու Բոլոր Հայ Գերիներու Վերադարձը

January 17, 2026
Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Ներկայացուցիչները  Միասին Զննած Են Երասխ-Սադարակ  Երկաթուղային Հատուածը
Հայկական

Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Ներկայացուցիչները Միասին Զննած Են Երասխ-Սադարակ Երկաթուղային Հատուածը

January 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.