Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ԲԱՑՈՒՄ` ՀՕՄ-Ի ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՅՈՒՇԱՐՁԱՆԻՆ

October 7, 2011
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

6 հոկտեմբեր 2011-ին, Երեւանի Կոմիտասի այգիին մէջ բացումը կատարուեցաւ Հայ օգնութեան միութեան 100-ամեակին նուիրուած յուշարձանին: Բացման հանդիսութեան ներկայ էին պաշտօնական անձնաւորութիւններ, հայ եւ օտար կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ ՀՕՄ-ականներ, որոնց մէկ մասը յատկապէս այս առիթով արտերկրէն ժամանած էր Հայաստան:

Յուշարձանը կը ներկայացնէ հայ կինը, որ իր թեւերուն մէջ կը համախմբէ հայրենիքի եւ արտերկրի հայութիւնը, որոնք կռունկներու տեսքով կը ներկայանան եւ իրենց շրջանակաձեւ թռիչքով կը պատկերեն հայ ժողովուրդի միասնութիւնն ու մէկ ամբողջութիւն ըլլալու իրողութիւնը: Յուշարձանի հեղինակը հայրենի արուեստագէտ Գէորգ Գէորգեանն է:

Մէկ դար առաջ հիմնադրուած Հայ օգնութեան միութիւնը հայ կանացի հնագոյն եւ ամէնէն տարածուն կազմակերպութիւնն է: Ներկայիս 27 երկիրներու մէջ գործող եւ աւելի քան 15 հազար անդամ ունեցող միութիւնը սկսած է գործել 1910-ին` Նիւ Եորքի մէջ, եւ մէկ դար շարունակ ծառայած է հայ ժողովուրդի ընկերային, առողջապահական, կրթական եւ դաստիարակչական կարիքներուն: Ցեղասպանութեան ու անոր յաջորդող տարիներուն հայ որբին մայր ու այրիին նեցուկ եղած ՀՕՄ-ը, խորհրդային տարիներուն դարձած էր վտարանդի: 1988-ի երկրաշարժէն ետք նոյնինքն խորհրդային իշխանութիւններուն հրաւէրով ՀՕՄ-ը վերադարձած էր Հայաստան, ուր հիմը դրած էր իր մարդասիրական բազմաթիւ ծրագիրներուն: 1987-էն ի վեր Հայ օգնութեան միութիւնը անդամ է Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու տնտեսական եւ ընկերային խորհուրդին: 2010-ին միութիւնը նշեց իր 100-ամեակը աւելի քան երկու տասնեակ երկիրներու մէջ կազմակերպուած ձեռնարկներով, որոնց եզրափակումը տեղի ունեցաւ Հայաստանի, Արցախի եւ Ջաւախքի մէջ:

«ՀՕՄ-ի յուշարձանը աւելիով պիտի խորացնէ մեր արմատները հայրենի հողին մէջ», յայտնեց ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Անի-Աղաւնի Մինասեան: «Տասնամեակներ շարունակ սփիւռքահայ գաղութներու մէջ ծառայած է ՀՕՄ-ը արդէն աւելի քան երկու տասնամեակէ ի վեր իր մարդասիրական ծառայութիւններով ի մի բերած է հայրենի եւ սփիւռքահայ զանգուածները: Այդ պատկերը լաւագոյնս կը ցոլայ կռունկները իր թեւերուն մէջ համախմբած հայ կնոջ կերպարին մէջ, որ կանգնած է այսօր մեր դիմաց», եզրափակեց ան: Իր կարգին, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վիգի Մարաշլեան շնորհակալութիւն յայտնեց տէր եւ տիկին Ճորճ եւ Շաքէ Պասմաճեաններուն, որոնք ստանձնած էին Հայաստանի մէջ ՀՕՄ-ի արձանի կանգնեցման ծախսերը: «Մեծապէս երախտապարտ ենք Պասմաճեան ընտանիքին, որ անկախ տարիներու ընթացքին ՀՕՄ-ին կատարած իր նուիրատուութիւններէն ու բազմամեայ կամաւոր ծառայութենէն, սիրայօժար կերպով ստանձնեց արձանի կանգնեցման բոլոր ծախսերը: Մեր բառամթերքով կը փափաքիմ Ճորճ եւ Շաքէ Պասմաճեաններուն ըսել` ձեր վարձքը կատա՛ր», ըսաւ Մարաշլեան:

 

 

 

Նախորդը

«ԹՈՒՐՔԻԱ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐԷՆ ՍՏԱՑԱԾ Է ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԱՇԽԱՐՀԸ ՊԱՌԱԿՏԵԼՈՒ ԿԱՆԱՉ ԼՈՅՍԸ» Կ՛ԸՍԷ Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ

Յաջորդը

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՀԱՍԱՒ ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.