Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ԹՈՒՐՔԻԱ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐԷՆ ՍՏԱՑԱԾ Է ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԱՇԽԱՐՀԸ ՊԱՌԱԿՏԵԼՈՒ ԿԱՆԱՉ ԼՈՅՍԸ» Կ՛ԸՍԷ Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ

October 7, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ «Նուր» ձայնասփիւռի կայանին հետ ունեցաւ հարցազրոյց մը, որուն ընթացքին անդրադարձաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի միջեւ տիրող երկկողմանի յարաբերութիւններուն, լիբանանեան քաղաքական իրադարձութիւններուն, շրջանային զարգացումներուն, ինչպէս նաեւ շրջանին մէջ Թուրքիոյ դերակատարութեան:

Ակնարկելով Պէյրութ-Երեւան յարաբերութիւններուն` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ անոնք 18 տարուան յարաբերութիւններ են` նկատի ունենալով, որ 20 տարի առաջ Հայաստան տակաւին մաս կը կազմէր Խորհրդային Միութեան: «Սակայն նոյնիսկ երբ Հայաստան Խորհրդային Միութեան մաս կը կազմէր, Լիբանանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններ կային, մասնաւորապէս Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին ընթացքին. յատկապէս` երբ 1988-ին Հայաստանի մէջ երկրաշարժը պատահեցաւ, բոլոր լիբանանցիները մարդասիրական օժանդակութիւններ կատարեցին Հայաստանին եւ երկրաշարժի աղէտեալ գօտիի բնակչութեան», ըսաւ ան:

Յ. Բագրատունի աւելցուց, որ տարիներու ընթացքին երկկողմանի քաղաքական յարաբերութիւնները եւս զարգացած են եւ ամրապնդուած իշխանութեան պետերուն կողմէ կատարուած փոխադարձ այցելութիւններուն ընդմէջէն:

«Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի կողմէ Հայաստան կատարուած երկրորդ այցելութիւնն է քանի մը օր առաջ կատարուած այցելութիւնը: Պէտք է ըսել, որ Պըրրի ջերմ ընդունելութեան արժանացաւ Հայաստանի մէջ, որովհետեւ ան հայութեան բարեկամ անձնաւորութիւն մըն է: Հոս պէտք չէ մոռնալ նաեւ, որ իր նախագահութեամբ է, որ ամբողջ արաբական աշխարհին մէջ միայն լիբանանեան խորհրդարանը կ՛ընդունի, թէ Թուրքիա պատասխանատու է Հայոց ցեղասպանութեան», ըսաւ Յ. Բագրատունի:

Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչը կարեւորութեամբ շեշտեց լիբանանեան-հայաստանեան քաղաքական, տնտեսական, ընկերային եւ զբօսաշրջական, կրթական, գիտական եւ առողջապահական յարաբերութիւնները բարելաւելու կարելիութիւնները` աւելցնելով, որ Պըրրի Հայաստանի մէջ առաջարկած է, որ Երեւանը Պէյրութի համար ըլլայ նախկին Խորհրդային Միութեան մաս կազմող երկիրներուն հետ յարաբերութիւններ հաստատելու կամուրջը, իսկ Հայաստանը իր կարգին կրնայ Պէյրութը նկատել արաբական աշխարհին հետ յարաբերութիւններ հաստատելու կամուրջը:

Անդրադառնալով Սուրիոյ իրադարձութիւններուն` երեսփոխան Բագրատունի շեշտեց, որ Սուրիոյ մէջ բարեփոխումները արդէն իսկ սկսած են` աւելցնելով, որ յստակ է, թէ Սուրիայէն պահանջուածը բարեփոխում չէ, այլ կը պահանջուի դաւադրութիւն հրահրել այդ երկրին մէջ, որովհետեւ ան շրջանին մէջ Դիմադրութիւնը պաշտպանող եւ անոր զօրակցող ամուր վահանն է:

Հայոց ցեղասպանութեան մասին խօսելով` Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ «կարեւոր է նշել այն իրականութիւնը, թէ 1915-ին երբ թուրքերը հայերը բռնագաղթի ենթարկեցին, անոնք կը փնտռէին հայերուն համար այլ երկիր մը, որ հեռու ըլլար Թուրքիայէն, այսինքն` հայերը ըլլային արաբական շրջանէն ալ անդին: Հետեւաբար, Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ հայերուն գոյութիւնը կը նեղացնէր թուրքերը, սակայն այդ շրջաններուն մէջ հայերը գոյատեւեցին եւ բազմացան», ըսաւ ան:

Ան ընդգծեց նաեւ, որ թուրքերն ու իսրայէլացիները դաշնակիցներ էին ու տակաւին են` Սուլթան Ապտիւլ Համիտի եւ Հերցելի օրերէն սկսեալ: «Պէտք է ի մտի ունենալ նաեւ, որ Իսրայէլը ճանչցող առաջին պետութիւնը Թուրքիան է», աւելցուց ան:

«Հարկ է շեշտել նաեւ, որ Իթթիհատ վէ Թերաքքը կուսակցութեան ղեկավարները, ինչպէս`  Ճեմալ փաշա, Էնվեր փաշա եւ Թալէաթ փաշա տէօնմէ հրեաներ են», ընդգծեց ան:

Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ արաբական աշխարհը պէտք չէ խաբուի Թուրքիայով եւ անոր կեցուածքներով, որովհետեւ Թուրքիա Միացեալ Նահանգներէն ստացած է կանաչ լոյս մը` բաժնելու եւ պառակտելու համար ամբողջ արաբական աշխարհը:

Յ. Բագրատունի հաստատեց, որ արաբական աշխարհին մեծագոյն սխալն էր դէպի շրջան ամերիկեան ուժերուն մուտքը արտօնելը:

Լիբանանեան առումով, Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ ընտրական օրէնքը պէտք է բխի լիբանանեան համերաշխութենէն եւ ազգային միասնականութենէն: Ան շեշտեց, որ համայնքային դրութեամբ ընտրական օրէնքը կարելի չէ վաւերացնել ու գործադրել:

«Համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած ընտրական օրէնքը մէկ քայլ առաջ կը տանի մեզի, սակայն պէտք է լաւապէս սերտել այդ օրէնքը եւ ապա վաւերացնել զայն», ըսաւ երեսփոխան Բագրատունի:

Ան ընդգծեց, որ ՀՅԴ-ն տակաւին կ՛ուսումնասիրէ ընտրական յարմարագոյն օրէնքի տարբերակը` ի մտի ունենալով, որ հարկ է վաւերացնել ընտրական այն օրէնքը, որ արդար ներկայացուցչութիւն կ՛ապահովէ բոլորին:

Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ կառավարութիւնը իր աշխատանքները պիտի շարունակէ մինչեւ 2013-ի երեսփոխանական ընտրութիւնները` աւելցնելով, որ կառավարութիւնը պէտք է ամուր քայլերով դիմադրէ իրեն սպառնացող մարտահրաւէրներուն եւ հոգատարութիւն ցուցաբերէ ժողովուրդին նկատմամբ` լուծելով ապրուստի վերաբերող հարցեր:

Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչը հաստատեց, որ պէտք է անմիջապէս սկսիլ քարիւղի եւ բնական կազի հանքերու պեղումին, որպէսզի վերջ տայ իր նիւթական հարցերուն, ապրուստի հարցերուն, պետական պիւտճէի նիւթական բացին եւ վերածուի արաբական աշխարհի հզօրագոյն տնտեսութիւնը ունեցող երկիրներէն մէկը:

Ան կոչ ուղղեց Լիբանանի մէջ հարկային դրութիւնը փոփոխութեան ենթարկելու` զայն սրբագրելու նպատակով:

 

Նախորդը

ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՄԻՔԱԹԻ ԱՅՍՕՐ ԿԸ ՆԱԽԱԳԱՀԷ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՆԻՍՏԻՆ

Յաջորդը

ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ԲԱՑՈՒՄ` ՀՕՄ-Ի ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՅՈՒՇԱՐՁԱՆԻՆ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.