ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Շաբաթավերջին քիչ մը բազմազբաղ պիտի ըլլաք շրջապատին հետ: Դասաւորեցէք ձեր աշխատանքը կանոնաւոր կերպով, առանց յետաձգելու:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Չնախատեսուած հարցեր պիտի ստեղծուին: Հանդարտութեան այս պակասը բուժելու համար պէտք է լաւ քնանաք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Շաբաթը վերջանալու վրայ է, ձեր գործերը կատարած էք ամբողջութեամբ: Այսօր կատարեալ հանգիստի օր պիտի ըլլայ:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Մի՛ հրաժարիք այն մարզաձեւէն, որ սկսած էք կատարել: Պիտի գոհանաք ֆիզիքապէս եւ հոգեպէս:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Լաւ պատմող մըն էք: Պատմութիւններ պատմեցէք ամենայն սրտով: Ձեզ լսողները շատ ուրախ պիտի մնան:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Եթէ երեկոյթի մը հրաւիրուիք, ընդունեցէք, մանաւանդ եթէ ամուրի էք, որովհետեւ հետաքրքրական հանդիպում մը պիտի ունենաք:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Շաբաթը շատ երկար էր եւ հետաքրքրական շատ գործեր ունիք կատարելիք, բայց շաբաթավերջը պիտի անցնի խաղաղ:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Մեթոտով աշխատեցէք, գործ մը չվերջացած` յաջորդին մի՛ անցնիք: Պիտի ունենաք հոգեկան գոհունակութիւն:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Դիւրութեամբ պիտի կարենաք մթնոլորտը զուարթ դարձնել ձեր խօսքերով: Ժպիտ պիտի պարգեւէք ձեր շուրջիններուն:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Դժբախտ միջադէպ մը ձեզի կասկածիլ պիտի տայ ձեր ասպարէզին վերաբերեալ հարցերու մասին: Անմիջապէս մի՛ եզրակացնէք հարցը ժխտական իմաստով:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ձեր շրջապատը ձեզ շատ կը հետաքրքրէ, բայց ափսոս, որ ժամանակ չունիք անոնց միանալու: Ստիպուած էք առանձին մնալու այսօր:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Դասաւորեցէք ձեր թուղթերը` նախքան դիզուիլը, որպէսզի յառաջիկայ ձեր գործերուն ընթացքին դժուարութիւն չունենաք: