ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Աշխատանքի օր մըն է` խճողուած գործերով: Ձեր կարելին ըրէք թեթեւցնելու համար ներկայացուած ծանր աշխատանքը:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Մարզանք մի՛ ընէք, եթէ ձեզի նեղութիւն կը պատճառէ եւ ճնշուած կը զգաք: Փնտռեցէք խաղաղ անկիւն մը` հանգստանալու համար:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Շատ ինքնավստահ պիտի չըլլաք այսօր` նոր որոշումներ տալու, եւ ձեր շուրջինները պիտի հասկնան ձեր վիճակը: Իւրաքանչիւր անձ ունի իր գաղտնի պարտէզը:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Գիտցէք լաւագոյնս օգտագործել գրելու ձեր ձիրքը: Այսօր պիտի ունենանք ստեղծագործական որոշ հակումներ: Օգտագործեցէք:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Փոխեցէք ձեր սովորութիւնը` ծախսերու վերաբերեալ: Շուտով գործադրեցէք խնայողութիւն կատարելու ձեր որոշումը:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Հաճելի տրամադրութիւն պիտի ստեղծէք ձեր շուրջը: Հաճոյքը ոչինչ կը փոխէ, բայց նոյն ատեն կարեւոր է ձեր ինքնութիւնը պահելու համար:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Մեթոտով աշխատելու ձեր տրամադրութիւնը հրաշքներ պիտի գործէ: Օրը ունի հաճելի եւ զարմանալի անակնկալներ: Պիտի օգտուիք:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Բնաւ ուշ չէ նոր արկածախնդրութիւն մը փորձելու համար: Կատարեցէք այն, ինչ որ կը փափաքիք: Ձեր առաջարկները պիտի ընդունուին:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ձեր համբաւը բախտի արդիւնք է: Թոյլ մի՛ տաք, որ ձեզ բամբասեն եւ ձեր դիմագիծը փոխեն: Դիմադրեցէք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Եթէ օտար լեզու մը լաւ գիտէք, ընկերութիւն մը ձեզ պիտի հրաւիրէ գործի, եւ դուք պիտի ընդունիք սիրով:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Մի՛ իյնաք առանձնութեան գիրկը: Օգտագործեցէք ձեր սրամտութիւնը եւ աշխատելու ձեր կորովը:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Աշխատանքի մէջ կարեւոր է ըլլալ չէզոք` փոխանակ միջամտելու շուրջի անցուդարձերուն, որոնք ձեզ չեն հետաքրքրեր: