Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Փաքիստանի մէջ իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց, որ իր երկիրը պիտի շարունակէ պայքարիլ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ` նշելով. «Եթէ ուշադիր նայինք, պիտի տեսնենք, թէ Արեւմուտքն է, որ ՏԱՀԵՇ-ի կ՛աջակցի եւ անոր կողքին կը կանգնի»:
«Արեւմուտքը կը փորձէ պառակտել եւ մասնատել Սուրիան, Իրաքը, Լիպիան ու Աֆղանիստանը, ինչպէս նաեւ կը թիրախաւորէ իսլամական երկիրները», ըսաւ ան:
Էրտողան ըսաւ, որ թուրք իսլամ քարոզիչ Ֆեթհուլլա Կիւլենի կազմակերպութիւնը ոչ միայն սպառնալիք է որեւէ երկրի, ուր կը գտնուի, «այլ նաեւ կը փորձէր Փաքիստանի մէջ մեր եղբայրներուն վնաս պատճառել»: