
Թուրքիան վերջին պահուն չեղեալ յայտարարած է Եւրոպական խորհրդարանի պատուիրակութեան Թուրքիա կատարելիք երէկուան այցելութիւնը:
Ըստ «Տեմոքրաթհապեր»-ի, Անգարա ջնջած է այցելութիւնը` Եւրոպական խորհրդարանին մէջ Թուրքիոյ հարցերով զեկուցող Քեթի Փիրիի պատուիրակութեան մաս կազմելուն համար:
«Էրմենիհապեր»-ի հաղորդումով` վերոնշեալ այցելութեան մասին համաձայնութիւնը գոյացած էր քանի մը օր առաջ Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմի եւ Եւրոպական խորհրդարանի նախագահ Մարթին Շուլցի միջեւ տեղի ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին: Եւրոպական խորհրդարանը որոշած էր Անգարա ուղարկել իր արտաքին գործերու յանձնախումբի նախագահ, գերմանացի Էլմար Պրոքը եւ Թուրքիոյ հարցերով զեկուցող, հոլանտացի Քեթի Փիրին:
Բարձրաստիճան այս այցելութեան ընթացքին կը նախատեսուէր, որ պատուիրակութիւնը հանդիպումներ ունենար թուրք ընդդիմադիր գործիչներու, ինչպէս նաեւ հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու հետ: Սակայն թրքական կողմը կտրականապէս դէմ արտայայտուած էր վերջերս Թուրքիոյ հասցէին սուր քննադատութիւն կատարած Փիրիի այցելութեան:
Այցելութեան ջնջումին վերաբերեալ գրաւոր յայտարարութիւն կատարած է նաեւ Եւրոպական խորհրդարանի նախագահը: Ան նշած է, որ թուրք պաշտօնեաներու հետ կարելի չէ եղած հանդիպումի ձեւաչափի վերաբերեալ համաձայնութեան հասնիլ, ուստի այցելութիւնը յետաձգուած է:
Յիշեցնենք, որ Փիրի վերջերս յայտարարած էր, որ Թուրքիոյ մէջ կատարուող իրադարձութիւնները Պրիւքսէլի մէջ խոր մտահոգութիւն կը յարուցեն: Ան ընդգծած էր, որ 15 յուլիսի յեղաշրջումի փորձէն ետք կառավարութիւնը ընդդիմադիր քաղաքական ուժերու եւ մամլոյ նկատմամբ «զերօ հանդուրժողականութիւն» կը ցուցաբերէ, եւ երկիրը հետզհետէ կը վերածուի բռնատիրական պետութեան:
Իսկ քանի մը օր առաջ Փիրին` պատասխանելով Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան, թէ Եւրոպական Միութիւնը թուրք ժողովուրդին մէջ կորսնցուցած է յարգանքը, Եւրոպական խորհրդարանին մէջ ըսած էր. «Մեր միակ պատասխանը յարաբերութիւններու սառեցումը պիտի ըլլայ»:


