Կիրակի, 13 նոյեմբերին, Հայ աւետարանական քոլեճի միջնակարգ եւ երկրորդական բաժիններէն 26 աշակերտներ մասնակցեցան Պէյրութի մարաթոնին: Պէյրութի կեդրոնին մէջ տիրած մարզական առողջ մթնոլորտի մէջ, երիտասարդներու կողքին տարեցներու, իսկ մարզիկներու կողքին` յատուկ կարիքներու տէր մասնակիցներու ներկայութեան շնորհիւ, ոչ միայն մարզական, այլեւ ընկերային առումով եզակի փորձառութեան մը վերածուեցաւ այս իւրայատուկ գործունէութիւնը: