Կազմակերպութեամբ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին, Նախկին Խորհրդային Միութեան շրջանաւարտներու ակումբին մէջ (ԵՈՒՆԵՍՔՕ) տեղի ունեցան Լիբանանի անհատական ախոյեանութեան մասնակցելու զտումի հանդիպումները` Ճիօ Գալուստի, Հրակ Լախեանի եւ Ժաուատ Ֆարհաթի միջեւ:
Մրցումներուն ներկայ գտնուեցան Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնի նախագահ Իզզաթ Քրայթեմ, ընդհանուր քարտուղար Շըհատէ Ապու Նըմրի, ֆետերասիոնի անդամ ու կազմակերպիչ ակումբի նախագահ Հիւսէյն Համմուտ եւ Ալի Ժաուիշ (ֆետերասիոնի անդամ):
Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնը, զտումի այս մրցումները կատարելով, այսպիսով առիթ տուաւ կրտսեր ճատրակ խաղացողներուն, որպէսզի մասնակցին մեծերու ախոյեանութեան:
Յաղթելով Ժաուատ Ֆարհաթի եւ հաւասարութիւն մը արձանագրելով Հրակ Լախեանի հետ` Ճիօ Գալուստ գրաւեց առաջին դիրքը` 1,5 կէտով:
Ժաուատ Ֆարհաթ 1 կէտով գրաւեց երկրորդ դիրքը` յաղթելէ ետք Հրակ Լախեանի, մինչ երրորդ եւ վերջին դիրքը գրաւեց Հրակ Լախեան` կէս կէտով:
Նշենք, որ ֆետերասիոնը յառաջիկային պիտի կատարէ ախոյեանութեան վիճակաձգութիւնը, որ տեղի պիտի ունենայ 23 նոյեմբերէն սկսեալ, Թանմիէ ակումբին մէջ (Քասքասի շրջան):