Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահը Ընդունած Է Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Փոխնախարարի Եւրոպայի Եւ Եւրասիոյ Հարցերու Տեղակալը

November 17, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

sarkissian-brigitte_111616

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 16 նոյեմբերին ընդունած է շրջանային այցելութեամբ Հայաստան գտնուող Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց փոխնախարարի Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերու տեղակալ Պրիժիթ Պրինքը:

Հանդիպման սկիզբը նախագահը նախ շնորհաւորած է Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի ունեցած նախագահական ընտրութիւններն եւ նոր նախագահի ընտրութիւնը` ընդգծելով, թէ վստահ է, որ հայ-ամերիկեան քաղաքական երկխօսութիւնը ո՛չ միայն պիտի շարունակուի նախագահ Թրամփի վարչակազմին օրօք, այլ նաեւ նոր շունչ պիտի ստանայ:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան գոհունակութեամբ հաստատած է, որ վերջին շրջանին նկատելի է փոխադարձ այցելութիւններու աշխուժացումը, որ ինքնին իր դրական ներդրումը կ՛ունենայ երկկողմանի քաղաքական, առեւտրատնտեսական եւ այլ մարզերու մէջ համագործակցութեան խորացման վրայ: Ան յոյս յայտնած է, որ  Պրիժիթ Պրինքի հետ հերթական այս հանդիպումը եւս արդիւնաւէտ պիտի ըլլայ եւ պիտի նպաստէ Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ կապերու հետագայ զարգացման: Նախագահ Սարգսեան բարձր գնահատած է տարիներէ ի վեր ամերիկեան կառավարութեան կողմէ տրամադրուող օժանդակութիւնը` Հայաստանի տնտեսութեան զարգացման, ժողովրդավարական հաստատութիւններու, քաղաքացիական հասարակութեան կայացման նպատակով` դիտել տալով, որ առանց անոր նշեալ մարզերուն մէջ այսօր ակնյայտ յառաջընթացը դժուար պիտի ըլլար պատկերացնել: Այսուհանդերձ, ըստ Հանրապետութեան նախագահին, երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման ներուժը եւ զայն լիարժէքօրէն օգտագործելու փափաքը շատ աւելի մեծ են, ուստի անհրաժեշտ է աւելի եւս աշխուժացնել ջանքերը` ստեղծելով երկխօսութեան նոր ձեւաչափեր ու հարթակներ:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց փոխնախարարի Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերու տեղակալ Պրիժիթ Պրինք խօսած է այցելութեան ծիրին մէջ Հայաստանի մէջ ունեցած քննարկումներուն մասին` նշելով, թէ անոնք պիտի ամբողջանան այս հոկտեմբերին Ուաշինկթընի մէջ յաջողութեամբ տեղի ունեցած Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ միջկառավարական աշխատանքային խումբի հանդիպումներու արդիւնքներուն ամփոփումով: Ան ընդգծած է, որ երկու երկիրներուն միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 25-ամեակի սեմին կարելի է վստահօրէն արձանագրել թէ՛ երկկողմանի, թէ՛ միջազգային կազմակերպութիւններու ծիրին մէջ Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ ձեւաւորուած սերտ յարաբերութիւններն ու տարբեր մարզերու մէջ արդիւնաւէտ փոխգործակցութիւնը:

Պրիժիթ Պրինք վստահեցուցած է, որ Միացեալ Նահանգներու նոր վարչակազմը պիտի շարունակէ հետաքրքրուիլ Հարաւային Կովկասի շրջանի զարգացումներով, պիտի շարունակէ նաեւ յանձնառու ըլլալ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման նպատակով վստահութեան միջոցներու ամրապնդման ուղղութեամբ ձեռք բերուած վերջին պայմանաւորուածութիւններու իրագործման:

Հանդիպման ընթացքին զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու հետագայ զարգացման կարելիութիւններուն շուրջ: Հիւրին խնդրանքով, նախագահ Սարգսեան ներկայացուցած է քաղաքական եւ տնտեսական օրակարգի առաջնահերթութիւնները, Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հոլովոյթին մէջ հայկական կողմին մօտեցումները:

 

 

Նախորդը

Ռուստամեան. «Ասիկա Դաշնակցութեան Համար Սկզբունքային Հարց Է»

Յաջորդը

«Ազդակ» – Ազգային Գրադարան Համագործակցութեան Առաջին Քայլեր. ՀՅԴ Մամուլի 26 Անուն Թերթեր Կը Թուայնացուին

RelatedPosts

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կը Յուսանք,  Որ «Իրական» Հայաստանէն Մասեր  Շուշիի Ճակատագիրին Չենթարկուին»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կը Յուսանք, Որ «Իրական» Հայաստանէն Մասեր Շուշիի Ճակատագիրին Չենթարկուին»

September 15, 2026
Կրոնօ. «Ղարաբաղի` Նախապէս Հակամարտութենէն  Տուժած Շրջաններուն Մէջ Հայկական  Հարուստ Հետքը Չեմ Վիճարկեր»
Հայկական

Կրոնօ. «Ղարաբաղի` Նախապէս Հակամարտութենէն Տուժած Շրջաններուն Մէջ Հայկական Հարուստ Հետքը Չեմ Վիճարկեր»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.