
«Ֆարս» լրատու գործակալութեան հաղորդումով, Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի, նախագահ Սերժ Սարգսեանին հրաւէրով, պիտի այցելէ Հայաստան, ուրկէ պիտի մեկնի Ղազախստան եւ Խըրխըզիստան:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Պահրամ Ղասեմի յոյս յայտնած է, որ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ կարելի եղածին չափ շուտ եւ լուրջ քայլ պիտի ըլլայ երկու երկիրներուն միջեւ համագործակցութեան ճամբուն վրայ:
Ռուհանի երեք երկիրներու ղեկավարներուն հետ տեղի ունենալիք հանդիպումներուն ընթացքին պիտի քննարկէ երկկողմանի համագործակցութեան ուղիները եւ պաշտօնատար անձերու հետ կարծիքներ պիտի փոխանակէ շրջանային եւ միջազգային հիմնախնդիրներու շուրջ:


