«Երկիր» կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով լրագրողներու յայտնած է, որ համանախագահները առաջարկած են կազմակերպել Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի հանդիպումը` Համպուրկի մէջ տեղի ունենալիք ԵԱՀԿ-ի արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նիստին ծիրին մէջ: «Ազրպէյճան տուած է իր համաձայնութիւնը», ըսած է ան:


