Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՍԿԻԶԲ` ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՖՐԱՆՍԱԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՕՐԵՐՈՒՆ

March 18, 2011
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ֆրանսախօսութեան օրերու սկիզբին նուիրուած ընդունելութենէն պահ մը

Երէկ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ տեղի ունեցած ընդունելութեամբ սկսան Հայաստանի մէջ ֆրանսախօսութեան օրերու ձեռնարկները:

Ընդունելութեան ներկայ էին Հայաստանի կառավարութեան անդամներ, Ազգային ժողովի պատգամաւորներ, Երեւանի քաղաքապետը, մարզպետներ, Հայաստանի շուրջ երկու տասնեակ բնակավայրերու ղեկավարներ, Երեւանի մէջ հաւատարմագրուած դեսպաններ, ինչպէս նաեւ հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ:

Իր խօսքին մէջ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան նշեց, որ արդէն երրորդ տարին է, որ Հայաստանի մէջ մեծ թափով կը նշուին ֆրանսախօսութեան օրերը, որոնք տարուէ տարի աւելի ընդգրկուն կը դառնան` աւելի շատ մասնակիցներ ներառելով:

Ըստ նախարար Նալբանդեանին, աւելի քան մէկ ամիս տեղի կ՛ունենան ֆրանսախօսութեան նուիրուած ձեռնարկները մշակութային եւ կրթական օճախներուն մէջ: Խօսքը կը վերաբերի աննախադէպ քանակի եւ ծաւալի նախաձեռնութիւններու` յատկապէս աշխարհագրական առումով, ուր գրեթէ Հայաստանի բոլոր մարզերը ներգրաւուած են այս ծրագիրին մէջ:

«Եթէ անցեալ տարի Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղար Ապտու Տիուֆ յատուկ ձեւով նշեց, որ Հայաստան ֆրանսախօսութեան օրերուն նուիրուած ձեռնարկներու քանակով առաջին տեղը կը գրաւէ կազմակերպութեան անդամ երկիրներու շարքին մէջ, ապա այս տարի անոնց քանակը պարզապէս եռապատկուած է եւ հասած է շուրջ 150-ի», ըսաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը:

Հայաստանի մէջ ֆրանսախօսութեան ծիրին մէջ այսօր Երեւանի մարզահամերգային համալիրին մէջ տեղի պիտի ունենայ յայտնի երգչուհի Լարա Ֆապիանի մենահամերգը:

Ֆրանսախօսութեան օրերուն առիթով 17 մարտէն 21 ապրիլ Երեւանի եւ Հայաստանի տարբեր մարզերուն մէջ պիտի կազմակերպուին շուրջ 150 մշակութային, գեղարուեստական եւ կրթական ձեռնարկներ, որոնց իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն արուեստի գործիչներ Հայաստանէն եւ Ֆրանսախօս կարգ մը երկիրներէ:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ համակարգուած այս ծրագիրը իրականացուած է Հայաստանի տարածքային կառավարման, Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան ու մշակոյթի, նախարարութիւններու, Երեւանի քաղաքապետարանի, Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի, Քանատայի, Լիբանանի, Լեհաստանի, Ռումանիոյ եւ Զուիցերիոյ դեսպանութիւններուն, Հայաստանի տարբեր համալսարաններու եւ հասարակական կազմակերպութիւններու մասնակցութեամբ ու ներգրաւումով:

 

 

Նախորդը

ԸՆԴԴԻՄԱԴԻՐ ՑՈՒՑԱՐԱՐՆԵՐԸ ԵՐԵՔ ՏԱՐԻԷ Ի ՎԵՐ ԱՌԱՋԻՆ ԱՆԳԱՄ ԸԼԼԱԼՈՎ ՄՏԱՆ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ՀՐԱՊԱՐԱԿ «ԵԿԱԾ Է ԻՐԱԿԱՆ ԳՈՐԾԵՐՈՒ ԻՐԱԿԱՆԱՑՄԱՆ ԺԱՄԱՆԱԿԸ» ՅԱՅՏԱՐԱՐԵՑ ԼԵՒՈՆ ՏԷՐ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

Յաջորդը

ՀԱՅ-ԹՐՔԱԿԱՆ ԲԱՐԵԿԱՄՈՒԹԵԱՆ ՅՈՒՇԱՐՁԱՆԸ ՊԻՏԻ ՔԱՆԴՈՒԻ

RelatedPosts

Պաքու Բարձր Կը Գնահատէ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծէն Անկախութեան  Հռչակագիրին Յղման Վերացումը
Գլխաւոր լուրեր

Պաքու Բարձր Կը Գնահատէ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծէն Անկախութեան Հռչակագիրին Յղման Վերացումը

November 25, 2026
Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Պատանդները` Ֆրանսայի Նիս Քաղաքի Պատուոյ Քաղաքացիներ
Գլխաւոր լուրեր

Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Պատանդները` Ֆրանսայի Նիս Քաղաքի Պատուոյ Քաղաքացիներ

November 25, 2026
Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։