Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արծուիկ Մինասեանը` Ամուլսարի Հանքավայրի Շահագործման Մասին

Նոյեմբեր 4, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ardzvig_110316

Բնապահպանութեան նախարարութեան կողմէ իրականացուած փորձաքննութեան արդիւնքներով Ամուլսարի հանքավայրին մէջ օրէնքի խախտումներ չեն արձանագրուած: Նախանցեալ օր Ազգային ժողովին մէջ լրագրողներուն հետ զրոյցի մը ընթացքին այս մասին ըսաւ Հայաստանի Հանրապետութեան բնապահպանութեան նախարար Արծուիկ Մինասեանը:

«Այս ծրագիրին միջոցով շուրջ 400 միլիոն տոլարի ներդրում կատարելու խօսք կայ: Հարցը զգուշաւոր մօտեցում կը պահանջէ` յատկապէս ներդրողներու տեսակէտէն: Ես կողմնակից չեմ ամէն գնով զգացական  յայտարարութիւնները յառաջ մղելու», ըսաւ նախարարը: Ան նշեց, որ որեւէ տնտեսական ծրագիր պէտք է այլընտրանքով բանավէճի առարկայ դառնայ: Եթէ չկայ այլընտրանքային ծրագիր, ուրեմն, կը պարզուի, որ շատ յաճախ յայտարարութիւնները հիմնաւորուած մօտեցում չունին: Պատասխանելով այն հարցումին, թէ իբրեւ բնապահպանութեան նախարար` ինք թոյլատրելի կը նկատէ՞ Ջերմուկի առողջարանի դրացնութեամբ նման հանքավայրի շահագործումը, նախարարը ըսաւ. «Զգացական հարթութեան վրայ հարցադրում է ասիկա: Եթէ չկայ ծրագիրի այլընտրանքը, այլ միայն կ՛ըսենք, որ մեր պապերը այդտեղ ապրած են կամ մենք ստեղծած ենք այս քաղաքը, ճիշդ չէ: Եթէ վնասը կամ այլընտրանքային ծրագիրը ներկայացուած չէ, ի՞նչը ինչին հետ կը համեմատէք: Ես ի՞նչ կրնամ ընել, երբ կայ ծրագիր, եւ նախատեսուած է, որ բոլոր գործընթացները գոնէ մեր գործող օրէնսդրութեան շրջագիծին մէջ կատարուած են: Լուծումը ո՞րն է»:

Ան աւելցուց, որ բնապահպաններուն մէկ մասը ամենեւին չի զգար  պատասխանատուութիւն, պարզապէս փորձ կը կատարուի ամէն բան շահարկելու:

 

Նախորդը

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Ֆրանսացի Նոր Համանախագահը Ստանձնած Է Իր Պաշտօնը

Յաջորդը

Վիթալի Բալասանեան` Լեռնային Ղարաբաղի Անվտանգութեան Խորհուրդի Քարտուղար

RelatedPosts

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւնը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Եւրոպայի Ընկերվարականներու Կուսակցութիւնը Ազրպէյճանին Կոչ Կ՛ուղղէ Ապահովելու Արցախահայութեան Վերադարձը
Հայկական

Եւրոպայի Ընկերվարականներու Կուսակցութիւնը Ազրպէյճանին Կոչ Կ՛ուղղէ Ապահովելու Արցախահայութեան Վերադարձը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Մարակոս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Իր Գործիքները Ներդրելու «Թրամփի Ուղի» Նախագիծը Եւ «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» Նախաձեռնութիւնը Կեանքի Կոչելու Համար»
Հայկական

Մարակոս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Իր Գործիքները Ներդրելու «Թրամփի Ուղի» Նախագիծը Եւ «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» Նախաձեռնութիւնը Կեանքի Կոչելու Համար»

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?