Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութենէն ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութեան յայտնած են, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ֆրանսացի նոր համանախագահ Սթեֆան Վիսքոնթի ստանձնած է իր պաշտօնը:
Նախարարութենէն նշած են, որ Վիսքոնթի միւս համանախագահներուն հետ դեկտեմբերի սկիզբը պիտի մասնակցի Համպուրկի մէջ ԵԱՀԿ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումին: Նիստին կը նախատեսուի Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն հետ համանախագահներու հանդիպումը:
Համանախագահները նաեւ կը պատրաստուին կազմակերպելու Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը:
Հանդիպումին քննարկման հիմնական նիւթը պիտի ըլլայ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներու հանդիպման կազմակերպումը:
Սթեֆան Վիսքոնթի այդ պաշտօնին փոխարինած է Փիեռ Անտրիոյին:
Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ 20 հոկտեմբերին ստորագրած է հրամանագիր` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի նոր համանախագահ նշանակելու վերաբերեալ: