
Միացեալ Նահանգներու երկու հայ քաղաքացիներ` 52-ամեայ Զաւիկ Զարգարեան եւ 57-ամեայ Վաչէ Նայիրեան, կրնան 100 տարուան ազատազրկման դատապարտուիլ` դէպի Իրան զինուորական սարքեր ապօրինի կերպով տեղափոխելու փորձ կատարելու համար:
«Լոս Անճելըս Թայմզ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ խօսքը կը վերաբերի «Էֆ-14», «Էֆ-15», «Էֆ-16» եւ «Էֆ-18» տիպի կործանիչներու պահեստամասերու, իսկ մատակարարումներու ընդհանուր գումարը պիտի կազմէր աւելի քան 3 միլիոն տոլար:
Մեղադրանքին համաձայն, յանցաւոր ծրագիրին մասնակցած են նաեւ Իրանի երկու քաղաքացիներ Անրի Տէր Մինասեան եւ Օրմուզ Նովրուզ:
Նշեալ հարցին շուրջ դատաքննութիւնը պիտի սկսի 2 նոյեմբերին:


