Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վիգէն Սարգսեան. «Կարելի Չէ Հասարակութիւնը Մեկուսացնել Բանակէն Եւ Հակառակը»

October 31, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

viken_103016

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան վարչական համալիրին մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարին կից անձնակազմի նիստը` նուիրուած զինուած ուժերու  գործողութիւններու օղակի պաշտօնամասնագիտական եւ հրամանատարական պատրաստութեան ծրագրաւորման ու կազմակերպման վիճակին, առկայ  խնդիրներուն եւ կատարելագործման ուղիներուն: Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան լրատուական ծառայութեան փոխանցումով, հայկական երկու հանրապետութիւններու  զինուած ուժերու փոխադարձ գործակցութեան եւ գործողութիւններու  համադրման շրջագիծին մէջ նիստին մասնակցած են Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակի ղեկավար կազմի ներկայացուցիչները:

Ողջունելով նիստի մասնակիցները եւ ներկայացնելով օրակարգին վրայ  ներառուած հարցերը` Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեանը նախ անդրադարձած է պաշտպանական համակարգին մէջ «Ազգ-բանակ» գաղափարախօսութեան կեանքի կոչման դրոյթներուն եւ առաւելագոյն արդիւնքի հասնելու ռազմավարութեան հիմնական ուղղութիւններուն: Այս շրջագիծին մէջ պաշտպանութեան նախարարը ընդգծած է, որ «Ազգ-բանակ» գաղափարախօսութիւնը անհամեմատ աւելին է, քան ազգային բանակը եւ ատիկա բնաւ չ՛առաջնորդեր հասարակութեան կամ պետութեան ռազմականացման:

«Կարելի չէ հասարակութիւնը մեկուսացնել բանակէն եւ հակառակը: Բանակի ժողովրդավարացումը եւ լիարժէք համարկումը հասարակութեան, տնտեսութեան, մշակոյթի, կրթութեան եւ գիտութեան, մարմնակրթութեան բնագաւառներ կը կատարենք այնպէս, որ մենք կը դառնանք մէկ միասնութիւն, քաղաքացիական կեանքին մէջ ունեցած ձեռքբերումներով ամրապնդելով նաեւ մեր զինուած ուժերու  մարտունակութիւնը: Ազգ-բանակը այն բանակն է, որ ունի կրթող, դաստիարակող, ուսուցանող ներուժ, որ կը փոխանցուի ժողովուրդին: Ազգ-բանակը այն հասարակութիւնն ու զինուած ուժերն են, ուր նորարար գիտութեան մեկնարկէն դէպի ռազմարդիւնաբերական համալիր մէկ քայլ է, ատիկա այն վստահութիւնն է, որ հասարակութիւնը ունի դէպի զինուած ուժերը, դէպի մեր երկրի սպայական անձնակազմը: Ատիկա այն պաշտպանական համակարգն է, ուր զօրահաւաքին պատրաստ է իւրաքանչիւրը` յստակ գիտնալով իր ընելիքը, տեղը, դերն ու միջոցները», նշած է պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեանը:

Անձնակազմի նիստին ընթացքին տեղի ունեցած են զեկուցումներ:

Ծաւալած քննարկումներուն շնորհիւ հետագայ ընելիքներու  վերաբերեալ նիստի մասնակիցներուն տրուած են համապատասխան յանձնարարականներ:

Նախորդը

Խորհրդարանը Այսօր Կ՛ընտրէ Լիբանանի Հանրապետութեան Նախագահը

Յաջորդը

Ռէալ Մատրիտ Երկարաձգեց Պէյլի Պայմանագրութիւնը

RelatedPosts

Հրապարակուեցան Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Պաշտօնական Արդիւնքները
Հայկական

Հրապարակուեցան Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Պաշտօնական Արդիւնքները

October 27, 2026
Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը  Կը Ներկայացնէ Ռուբէն Վարդանեանի Գործին  Վերաբերեալ Իրաւական Ժողովածու
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը Կը Ներկայացնէ Ռուբէն Վարդանեանի Գործին Վերաբերեալ Իրաւական Ժողովածու

October 27, 2026
Պայրամով. «Հայ Հասարակութիւնը Պէտք Է Ընդունի,  Որ Խաղաղութիւնը Կարեւոր Է Թէ՛ Իր,  Թէ՛ Ալ Ազրպէյճանական Հասարակութեան Համար»
Գլխաւոր լուրեր

Պայրամով. «Հայ Հասարակութիւնը Պէտք Է Ընդունի, Որ Խաղաղութիւնը Կարեւոր Է Թէ՛ Իր, Թէ՛ Ալ Ազրպէյճանական Հասարակութեան Համար»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.