
Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանը 26 հոկտեմբերին տեղի ունեցած եկեղեցական ժողովի ընթացքին որոշած է դիմել թրքական իշխանութիւններուն` նոր պատրիարք ընտրելու արտօնութիւն տրամադրելու խնդրանքով:
«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ գումարուած ժողովին ընթացքին քննարկուած է այն հարցը, որ մայիս 2008-էն պատրիարք Մեսրոպ արք. Մութաֆեան դադրած է պաշտօնավարելէ եւ պատրիարքական աթոռի ընթացիկ գործերը կատարելու համար պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ ընտրուած է Արամ արք. Աթեշեանը:
«Եկեղեցական կանոններն ու աւանդութիւնը ուխտի լուծարման համար բաւարար կը համարեն եօթը տարուան բացակայութիւնը: Հետեւաբար, պատրիարքի ութ տարուան բացակայութիւնը կը հաստատէ «Պատրիարքական ուխտ»-ի լուծարումը: 2015-ի դատաբժշկական յանձնախումբի տեղեկագիրով վաւերացուած է պատրիարքի` ոչ գործօն ըլլալու հանգամանքը: Վերոնշեալ փաստերը կը հաստատեն, որ պատրիարքական աթոռը մնացած է «թափուր»: Ուստի ժողովական հայրերը միաձայնութեամբ որոշած են «հանգստեան կոչուած» նկատել Ն Ա Տ Մեսրոպ Բ. ս. պատրիարք հայրը եւ անուանել զինք «Պատրիարք ի հանգստեան», կ՛ըսուի ժողովին ընթացքին որդեգրուած զեկուցումին մէջ:
Մեկնելով այս բոլորէն` որոշուած է դիմում ներկայացնել պատկան մարմիններուն` խնդրելով արտօնութիւն տրամադրել պատրիարքական ընտրութիւն կատարելու համար, «որպէսզի պատրիարքական աթոռը օժտուի նոր «Ազգընտիր պատրիարք»-ով»:


