
27 հոկտեմբերին Փարիզի մէջ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Մարք Էյրոն Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հետ քննարկած է երկկողմանի յարաբերութիւններուն վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման առնչուող վերջին զարգացումները:
Լուսարձակի տակ առնուած են տարբեր մարզերու մէջ համագործակցութեան ընդլայնման նպատակով ձեռնարկուող քայլերը: Երկուստեք գոհունակութիւն յայտնուած է մնայուն զարգացում ապրող փոխյարաբերութիւններուն առնչութեամբ:
Նախարարները անդրադարձած են միջխորհրդարանական աշխուժ կապերուն, ապակեդրոնացեալ աշխուժ փոխադարձ գործակցութեան: Քննարկած են առեւտրատնտեսական կապերու ընդլայնման ուղղութեամբ երկու երկիրներու ղեկավարներուն միջեւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու կատարման ընթացքը:
Նոյեմբերին տեղի ունենալիք Ֆրանսախօսութեան վեհաժողովին ընդառաջ Հայաստանի եւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարները անդրադարձած են Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան ծիրին մէջ համագործակցութեան առնչուող հարցերու:
Յատուկ անդրադարձ կատարուած է ղարաբաղեան հիմնախնդիրի խաղաղ լուծման հոլովոյթի կարեւորութեան: Էդուարդ Նալբանդեան ընդգծած է, որ Ազրպէյճան ամիսներ շարունակ կը մերժէ իրականացնել Վիեննայի եւ Ս. Փեթերսպուրկի վեհաժողովներուն նախագահներու մակարդակով ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները, հետեւողականօրէն կը սրէ իրավիճակը շփման գիծին մէջ` այդպիսով խոչընդոտելով բանակցային հոլովոյթի յառաջ մղման նպատակով համապատասխան պայմաններու ստեղծումը:
Երկուստեք շեշտած են Վիեննայի ու Ս. Փեթերսպուրկի պայմանաւորուածութիւններու լիակատար իրականացման կարեւորութիւնը:


