ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Նոր գործի մը ծրագիրը ունիք. առանց մտածելու` գործի անցէք, որովհետեւ կը խոստանան օգնել ձեզի եւ յաջողութիւն շնորհել: Այս գործին մէջ ձեր բարեկամները օգտակար պիտի ըլլան ձեզի:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Քիչ մըն ալ համբերեցէք, շաբաթավերջը մօտ է եւ դուք ձեր հանգիստը պիտի գտնէք: Երկու օր բնութեան ծոցին մէջ ձեր ջիղերը պիտի հանդարտին, եւ ուրախութեամբ նոր շաբաթ մը պիտի սկսիք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Այս երեկոյ վիպային պիտի ապրիք, ընթրիքի հրաւէր մը նոր հորիզոններ պիտի բանայ ձեր դիմաց: Սիրային արկածախնդրութիւն մը կը նշմարուի: Շատ պահանջկոտ մի՛ ըլլաք: Աստղերը շատ փայլուն են:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Անցեալին կռնակ դարձուցած էք եւ ապագայի հեռանկարով կ՛ապրիք, սակայն այս բոլորը երեւակայութիւն պէտք չէ ըլլան. նոր ծրագիրներ կազմեցէք, որպէսզի կեանքը իմաստ ունենայ:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ձեր գործին մէջ յառաջդիմելու համար նոր մտածումներ յղացէք, որպէսզի նորութիւններով կարողանաք աւելի յաջողութիւն ունենալ: Կեանքին մէջ միշտ նորութիւններ պէտք են:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Շաբաթավերջ է. բոլոր գործերը կատարեցէք, որպէսզի հանգիստ սրտով արձակուրդի երթաք: Ընտանեկան հաւաքոյթ մը կը նախատեսուի: Վերջապէս, ձեր ընտանիքը երբեմն պէտք ունի խրախճանքներու:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Երկար աշխատանքէ ետք ժամանակը հասած է հանգիստ ընելու: Կարճ ճամբորդութիւն մը կատարեցէք, որպէսզի ձեր միջավայրէն դուրս ելլէք եւ կազդուրուած` ձեր գործին վերադառնաք:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Անցեալի յիշատակները պրպտելով` ձեր մանկութիւնը պիտի յիշէք: Այս յուշերուն շատ մի՛ կապուիք, քանի որ նոյն կեանքը չէք կրնար ունենալ: Ներկայ կեանքը վայելեցէք կարելի սահմաններով:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ոչինչ կը ստիպէ ձեզ ընկերային հաւաքոյթներ կազմակերպել, սակայն երբեմն կ՛արժէ ընկերները յիշել եւ միասնաբար ուրախանալ, որմէ շատ գոհունակութիւն պիտի ստանաք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Դադրեցէք դուք ձեզ թերագնահատելէ. դուք ալ ձեր կարգին առաւելութիւններ եւ գիտութիւններ ունիք: Ձեզի կը պակսի աշխատանքը: Ցոյց տուէք ձեր գիտելիքները: Ձեր շրջապատի անդամները վստահութիւն ունին ձեր վրայ:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Հեռաւոր երկիր գտնուող բարեկամէ մը անակնկալ նամակ մը պիտի ստանաք. պատասխանեցէք նամակին, քանի որ ապագային համար խոստումներ կրնաք ունենալ, եւ ձեր միջավայրը հաւանաբար փոխէք:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Կարեւոր օգնութիւն մը պիտի առաջարկուի ձեզի, որ ձեզ նեղ կացութենէ դուրս պիտի բերէ: Մի՛ մերժէք այս օգնութիւնը, որպէսզի ձեր ապագան յստականայ, եւ դուք կարեւորութիւն ստանաք: