Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Չափանիշը Ապրիլ Ամիսը Չէ, Այլ Զինադադարի Համաձայնագիրը» Կ՛ըսէ Կիրօ Մանոյեան

October 27, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

giro_102616

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան 26 հոկտեմբերին տուած է մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին հիմնականօրէն անդրադարձած է ղարաբաղեան հոլովոյթին մէջ ստեղծուած իրավիճակին եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն Պաքու եւ Երեւան տուած այցելութիւններուն արդիւնքներուն:

Ան դիտել տուած է, որ հայկական կողմին տրամադրած տեղեկատուութիւնը եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի նախագահին յայտարարութիւնները կ՛ընթանան զինադադարի դրութեան ամրապնդման ուղղութեամբ, վերահսկողութիւնը հզօրացնելու ուղղութեամբ: Մանոյեանի համաձայն, բայց եւ այնպէս հարցի լուծման առնչութեամբ ըստ էութեան քննարկումներ տեղի չեն ունենար: Ամերիկացի համանախագահը յայտարարած էր, որ դրական կը գնահատէ կարգավիճակին վերաբերեալ Ալիեւի յայտարարութիւնը:

«Ամերիկացի համանախագահը իրականութիւն կը նկատէ այն, որ այդ հարցը կը քննարկուի: Ղարաբաղի մէջ շատ քննարկուած է կարգավիճակի հարցը, բայց Ազրպէյճան մնայուն կերպով ընդդիմացած է կարգավիճակի մասին խօսելուն: Հակառակ ասոր, հարցին ըստ էութեան լուծման ուղղութեամբ նորութիւններ չկան», դիտել տուած է Մանոյեան` աւելցնելով, որ եթէ նոյնիսկ մինչեւ տարեվերջ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները հանդիպին, այնքան ալ հաւանական չէ, որ նախագահներու հանդիպում տեղի ունենայ:

«Մենք պէտք է հաշուի առնենք այն, որ համանախագահողներուն քայլերը նպատակ ունին հարցը լուծել, սակայն, չեմ կարծեր, թէ մենք համանախագահներէն պիտի լսենք` այս մեղաւոր է, այն մեղաւոր է: Իրենք վիճակը կը բաղդատեն ապրիլին հետ եւ ոչ թէ կը խօսին հարցին լուծման մասին: Ազրպէյճանի կողմէ ամէն օր կայ զինադադարի խախտում, այնպէս չէ, որ ամէն ինչ հարթ է, բայց իրավիճակը բաղդատելով ապրիլին պատահածներուն հետ, կ՛ըսեն, որ կացութիւնը խաղաղ է, լաւ է: Բայց մենք գիտենք, որ զինուորներ կը զոհուին հակառակորդի կրակոցներէն, եւ սահմանին իրավիճակը խաղաղ չէ: Չափանիշը ապրիլը չէ, զինադադարի պայմանագիրն է եւ զինադադարի վերահսկողութեան նոր մեքանիզմներու մշակումն է», շեշտած է Մանոյեան:

Ան նշած է, որ եթէ ազրպէյճանական կողմը շարունակէ սրել իրավիճակը սահմանին վրայ, հայկական կողմը անպայման պիտի տայ համարժէք պատասխան: «Հաւանական է, որ իրավիճակը սրի, այնպէս չէ, որ պատերազմը վերջացած է, կրնայ ըլլալ օր մըն ալ պատահի, որ Ազրպէյճանի խախտումներուն պատճառով բռնկումներ ըլլան», ըսած է Մանոյեան` օրինակ բերելով այն, որ եթէ ազրպէյճանական կողմը պարբերաբար կիրարկէ հրթիռներ, հայկական կողմը ինքնըստինքեան պէտք է պատասխանէ, թերեւս ալ միւս կողմը պատասխանէ հայկականին, ինչ որ պատճառ պիտի դառնայ ակամայ իրավիճակի սրման:

Խօսելով լայնածաւալ զինուորական գործողութիւններու վերսկսման հաւանականութեան մասին` Մանոյեան ընդգծած է, որ Ազրպէյճանի կողմէ ապրիլեան փորձին նման փորձ մը բացառուած չէ, սակայն, պէտք է յիշել, որ անոնք ստացած են պատասխանը եւ իրենք շտապած են Մոսկուա` զինուորական գործողութիւններու դադրեցման խնդրանքով:

Մանոյեան, սակայն, շեշտած է, որ հայկական կողմը ամէն պարագայի պէտք է զգօնութիւնը պահպանէ: Իսկ զինամթերքի ցուցադրութեան անդրադառնալով` Մանոյեան նշած է, որ այդ քայլը աւելի շատ կանխարգելիչ բնոյթ ունի:

Խօսելով Հալէպի մէջ տիրող վիճակին մասին` Կիրօ Մանոյեան յայտնած է, որ Հալէպի մէջ իրավիճակը նոյնն է, գաղութին կեանքը կը շարունակուի: Ըստ անոր, թէեւ մերթ ընդ մերթ կը սաստկանան ռմբակոծումները, որոնք Հալէպի արեւելեան կողմէն կը հասնին նաեւ հայաբնակ թաղամասեր, բայց եւ այնպէս գաղութը կը փորձէ իր կեանքը կարելի եղածին չափ յառաջ տանիլ, կը կազմակերպէ ձեռնարկներ, Հայաստանէն ուղարկուած օժանդակութիւնները արդէն բաժնուած են Հալէպի եւ Դամասկոսի մէջ:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ քննադատութիւններ կը հնչեն գաղութի ղեկավարներուն հասցէին` թէ անոնք կը փորձեն ամէն գնով պահել գաղութը, ինչո՞ւ ճիգ կայ այս մէկը ընելու` Կիրօ Մանոյեան ըսած է, որ անձերը, որոնք կ՛ուզեն դուրս գալ, ազատ են, դուրս կ՛ելլեն, իսկ անոնք, որոնք որոշած են մնալ, անոնց կ՛օժանդակենք, որպէսզի գոյատեւեն:

«Ինչ ալ ընենք, գաղութը պիտի մնայ, իսկ եթէ պիտի մնայ, ուրեմն պէտք է պահենք: Մերձաւոր Արեւելքի մէջ հայութեան մնալը կարեւոր է, որովհետեւ Հայաստանին մօտ է», շեշտած է Մանոյեան:

 

Նախորդը

Արցախի Մէջ Զինուոր Մը Զոհուած Է

Յաջորդը

Մարոթթա. «Ռայոլա 27 Միլիոն Եւրօ Ստացաւ Փոկպայի Փոխանցումէն»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.