ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Յոգնա՞ծ էք աշխատանքէն: Շաբաթավերջը հեռու չէ, քիչ մըն ալ համբերեցէք: Երկու օրուան արձակուրդը ձեզ պիտի կազդուրէ: Ձեր ուժերուն չափով աշխատեցէք, որպէսզի շուտ չյոգնիք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Թէեւ ձեր առողջութիւնը լաւ է, սակայն ձեր ուժերը չարաչար մի՛ գործածէք: Բնութեան տուած պարգեւը վայելեցէք եւ քիչ մըն ալ ձեր անձին մասին մտածեցէք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ընտանիքին մէջ դուք միւսներէն տարբեր էք եւ ամէնքը կարծէք ձեզմէ կախեալ են: Ձեր պարտականութիւններուն մէկ մասը միւսներուն վստահեցէք, որպէսզի անոնք ալ ինքզինքնին կարեւոր զգան:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Եթէ կ՛ուզէք որ մարդիկ ձեզի օգտակար դառնան, դուք ալ ձեր կարգին անոնց օգտակար եղէք: Ընկերութեան մէջ փոխյարաբերութիւնները շատ կարեւոր են:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ծախսալի գործունէութիւնները քիչ մը զեղջեցէք: Որքան ալ որ սիրէք, անոնք ձեզի համար շատ սուղ են, կեանքի մէջ ուրիշ պարտաւորութիւններ ունիք, որոնք շատ աւելի անհրաժեշտ են:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Դուք շատ մը առաւելութիւններ ունիք, սակայն զանոնք գնահատել չէք գիտեր: Առանց չափազանցելու` պէտք է օգտակար դառնաք ձեր շրջապատին, որպէսզի ձեր կեանքը իմաստաւորուի:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Պէտք է հաշուեյարդար մը ընէք ձեր եկամուտին առնչութեամբ: Շատ ծախսած էք եւ ամսուան վերջը դժուարութեան պիտի հանդիպիք: Իմաստութեամբ ծախսեցէք, որպէսզի այս կացութիւնը չկրկնուի:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ձեր գործերուն մէջ մխրճուած էք եւ անշուշտ յոգնած կազմակերպուածութիւնը կը պակսի ձեզի: Լաւ ծրագրուած գործ մ բնաւ չի յոգնեցներ: Ուրեմն, աւելի լաւ դասաւորեցէք ձեր ծրագիրները:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ձեր կեանքին ընթացքը փոխել կ՛ուզէք, սակայն, հորիզոնին վրայ ո՛չ մէկ նշոյլ կայ: Համբերեցէք եւ մի՛ աճապարէք: Աստղերը իրենց խոստումները կը յարգեն եւ անպայման կը կատարեն:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Սահմանափակ կեանք մը ունիք: Աւելի լաւ է, որ ձեր հորիզոնը լայնցնէք եւ տարբեր բաներ տեսնէք, որպէսզի կեանքին բարիքները վայելէք եւ գնահատէք:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Շատ լաւատես էք եւ իրաւունք ունիք այդպիսին ըլլալու: Աստղերը շատ լաւ բան կը խոստանան ձեզի: Եթէ ծրագիրներ ունիք կատարելու, գործի անցէք, որպէսզի ձեր յաջողութիւնները վայելէք:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Զոյգերու միջեւ փոթորիկէ մը ետք կատարեալ խաղաղութիւն պիտի տիրէ: Այս ալ կեանքին մաս կը կազմէ: Իւրաքանչիւրը իր սխալը պիտի սրբագրէ: