Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Համանախագահներու Բարձրաստիճան Հանդիպումները Հայաստանի Մէջ

October 26, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

19652_b

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան, արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան եւ պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան  25 հոկտեմբերին ընդունած են ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Իկոր Փոփովը (Ռուսիա), Փիեռ Անտրիոն (Ֆրանսա), Ճէյմս Ուորլիքը (Միացեալ Նահանգներ), ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ դեսպան Անճէյ Քասփրչիքը:

Զրուցակիցները քննարկած են ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման հոլովոյթին եւ առկայ խնդիրներուն վերաբերող հարցեր:

Համանախագահները Հայաստանի նախագահին ներկայացուցած են այցելութեան ծիրին մէջ Պաքուի եւ Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումներուն արդիւնքները:

Կարեւոր նկատուած է բանակցային հոլովոյթին մէջ տագնապի խաղաղ լուծման վերաբերող յանձնառութիւններուն կողմերուն հաւատարմութիւնը, Վիեննայի եւ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ բարձր մակարդակով ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու կատարումը:

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան համանախագահներուն ներկայացուցած է բանակցային հոլովոյթի ռազմաքաղաքական տուեալները եւ ղարաբաղեան-ազրպէյճանական տագնապի զօրքերու շփման գիծին մէջ տիրող իրավիճակը:

minsk2_102516

Նախարար Սարգսեան տեղեկացուցած է, որ ապրիլեան զինուորական գործողութիւններէն ետք ալ Ազրպէյճան կը շարունակէ ապակայունացնել իրավիճակը շփման գիծին մէջ, պարբերաբար աւելցնել կրակոցներուն քանակը, մեծցնել օգտագործուած զէնքերու տրամաչափը` պատճառելով նոր զոհեր:

Վիգէն Սարգսեան նշած է, որ բանակցային հոլովոյթին մէջ յառաջընթաց արձանագրելու համար Հայաստան կարեւոր կը նկատէ շփման գիծին մէջ զինադադարի անվերապահ պահպանումը եւ հակամարտ կողմերուն միջեւ վստահութեան ամրապնդումը:

Կողմերը կարծիքներ փոխանակած են նաեւ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն Վիեննայի եւ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ ձեռք բերուած համաձայնութիւններու հիման վրայ բանակցային հոլովոյթը շարունակելու, դեսպան Ա. Քասփրչիքի գործառնական կարելիութիւնները ընդլայնելու ուղիներուն վերաբերեալ:

minsk3_102516

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հետ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին անդրադարձ կատարուած է ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման առնչուող շարք մը հարցերու: Այս առումով, Էդուարդ Նալբանդեան ընդգծած է, որ Ազրպէյճան արդէն քանի մը ամիս է, որ կը մերժէ իրականացնել Վիեննայի եւ Ս. Փեթերսպուրկի վեհաժողովներուն նախագահներու մակարդակով ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները` այդպիսով իսկ խոչընդոտելով բանակցային հոլովոյթի յառաջդիմութեան նպատակով համապատասխան պայմաններու ստեղծումը:

Նալբանդեան շեշտած է, որ հակառակ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրներու բազմաթիւ կոչերուն` զերծ մնալու առաւելապաշտական եւ սադրիչ հռետորաբանութենէն եւ գործողութիւններէն, Պաքու կը շարունակէ այդ գործելաոճը, որուն թարմ ապացոյցներն են վերջին օրերուն բանակցային հոլովոյթին էութիւնը եւ ոգին խեղաթիւրող Ազրպէյճանի ղեկավարութեան յայտարարութիւնները, որոնք ամբողջովին վնասակար են բանակցային հոլովոյթին համար:

 

Նախորդը

Նոր Փաստեր` Պարեկապահակային Ծառայութեան Գունդի Տարածքի Գրաւման Մասին

Յաջորդը

«Ֆեր Փլէյ» Բանանց` Առաջին Դիրքին Վրայ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 2, 2026
Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.