Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նոր Փաստեր` Պարեկապահակային Ծառայութեան Գունդի Տարածքի Գրաւման Մասին

October 26, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

bbdz

Հայաստանի յատուկ քննչական ծառայութեան մէջ կը շարունակուի զինուած խումբին կողմէ 17 յուլիս 2016-ին Հայաստանի ոստիկանութեան Երեւան քաղաքի վարչութեան պարեկապահակային ծառայութեան գունդի (ՊՊԾ) վարչական շէնքերն ու յարակից տարածքը գրաւելու եւ պահելու դէպքին առիթով Հայաստանի քրէական օրէնսգիրքի 219-րդ եւ 235-րդ յօդուածներով յարուցուած քրէական գործի նախաքննութիւնը:

Նախաքննութեան աւելի կանուխ փուլին յայտնուած էր, որ ՊՊԾ գունդի շէնքերն ու տարածքը գրաւած զինեալներու խումբը կը բաղկանար 31 անձերէ, որոնք զինուած էին ապօրինաբար ձեռք բերուած 14 ինքնաձիգներով եւ այլ զէնք-զինամթերքով:

Հետագայ նախաքննութեամբ պարզուած է, որ, բացի արդէն նշուած 31 զինեալներէն, ՊՊԾ գունդը գրաւելուն մասնակցած են նաեւ երկու զինեալներ, երկու ինքնաձիգներով, որոնք նոյն օրն իսկ աննկատ կերպով լքած են գունդի տարածքը` իրենց հետ դուրս բերելով նաեւ գունդի զինանոցէն յափշտակուած «Մակարով» տեսակի երկու ատրճանակներ: Ձեռնարկուած քննչական հետախուզական քայլերուն շնորհիւ բացայայտուած են յիշեալ երկու զինեալներուն անձնական տուեալները, անոնք յայտնաբերուած ու ներգրաւուած են իբրեւ մեղադրեալ: Յայտնաբերուած են նաեւ անոնց կողմէ դուրս բերուած ատրճանակները:

Քրէական գործի նախաքննութեան ներկայ փուլին ընդհանուր առմամբ իբրեւ մեղադրեալ ներգրաւուած են 62 անձեր, որոնցմէ 44-ը կալանաւորուած է, 13-ին նկատմամբ իբրեւ խափանման միջոց կիրարկուած է երկրէն չհեռանալու ստորագրութիւնը, 3-ին նկատմամբ` գրաւը, իսկ 2 մեղադրեալի նկատմամբ յայտարարուած է հետախուզութիւն:

Նախաքննութիւն կատարող քննչական խումբին կողմէ իրականացուած քննչական ու դատավարական մեծ գործողութիւններու, փորձագիտական հիմնարկներէն ստացուած բազմաթիւ, տարաբնոյթ եզրակացութիւններու, ինչպէս նաեւ հետախուզական նախաձեռնութիւններ իրականացնող իրաւապահ միւս մարմիններուն հետ համագործակցութեան շնորհիւ ձեռք բերուած բաւարար ապացոյցներու համադրումով պարզուած են ոստիկանութեան 3 ծառայողներու` Արթուր Վանոյեանի, Եուրի Տեփանոսեանի եւ Գագիկ Մկրտչեանի սպանութիւններու բոլոր հանգամանքները, յստակ բացայայտուած են այդ սպանութիւնները կատարած անձերը:

Ճշդուած եւ անհատականացուած են Հայաստանի ոստիկանութեան 10 աշխատակիցներու (որոնց մէջ Հայաստանի ոստիկանութեան պետի տեղակալ, ոստիկանութեան զօրավար Վարդան Եղիազարեանի եւ Հայաստանի ոստիկանութեան Երեւան քաղաքի վարչութեան պետի տեղակալ, ոստիկանութեան գնդապետ Վալերի Օսիպեանի) եւ 7 քաղաքացիներու պատանդ վերցնելուն եւ պահելուն ուղղուած իւրաքանչիւր զինեալի մասնակցութիւնն ու այդ կապակցութեամբ անոնց ճշգրիտ գործողութիւնները:

Պարզուած է, թէ որո՛նք էին այն տասը զինեալները, որոնք դիտաւորեալ կերպով հրկիզած են գունդին պատկանող ոստիկանական 4 եւ 1 քաղաքացիի ինքնաշարժ, ինչպէս նաեւ ճշդուած է, թէ որոնք գունդի զինանոցէն գրաւած են ՊՊԾ գունդի սպառազինութեան մաս կազմող զէնքերն ու ռազմամթերքը («Մակարով» տեսակի 216 հատ ատրճանակ, 10 ինքնաձիգ եւ այլն) ու գործածած զանոնք:

Այս փուլին կը կատարուի օրէնքով սահմանուած անհրաժեշտ դատավարական գործողութիւններ քրէական գործով մեղադրեալներուն առաջադրուած մեղադրանքները լրացնելու, փոփոխելու եւ նոր մեղադրանքներ առաջադրելու նպատակով:

Միաժամանակ կը շարունակուի ոստիկանութեան 7 ծառայողներու տարբեր աստիճանի հրազէնային վնասուածքներ պատճառելու, ՊՊԾ գունդի վարչական շէնքին մէջ գտնուող «Ակբա-քրետիթ Ակրիքոլ» ընկերութեան վնաս հասցնելու եւ 14 միլիոն 808 հազար դրամ յափշտակելու հանգամանքները պարզելու, զանոնք գործած անձերը բացայայտելու եւ քրէական պատասխանատուութեան ենթարկելու նախաքննութիւնները:

Ընթացքի մէջ են նաեւ ՊՊԾ գունդի տարածքն ու շէնքերը, շինութիւնները գրաւելէ ետք գունդի ծառայողներու աշխատասենեակներէն անձնական իրեր, գումարներ, ինչպէս նաեւ գունդի յարակից Խորենացի փողոցի տուներէն քաղաքացիներու կենցաղային իրեր զինեալներուն կողմէ յափշտակելու դէպքերու բացայայտման ուղղուած քննչական եւ հետախուզական գործողութիւնները:

 

 

Նախորդը

Սպանիոյ Մալակա Քաղաքը Ճանչցած Է Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Յաջորդը

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Համանախագահներու Բարձրաստիճան Հանդիպումները Հայաստանի Մէջ

RelatedPosts

Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.