
«Թերթ.ամ» կը հաղորդէ, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիք երէկ Երեւանի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է, որ գոյութիւն ունի համաձայնութիւն ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիքի առաքելութեան ընդլայնման հարցին մէջ յառաջ ընթանալու վերաբերեալ, եւ Մինսքի խմբակի համանախագահներու շրջան այցելութեան նպատակը այդ համաձայնութեան գործադրման վերաբերող որոշ մանրամասնութիւններու վրայ աշխատիլն է:
«Վիեննայի եւ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ կարելիութիւն կար նախագահներուն հետ ուղղակիօրէն խօսելու շարք մը հարցերու մասին: Հարցերու շարքին, զորս մենք քննարկեցինք, ԵԱՀԿ-ի դիտորդական առաքելութեան ընդլայնումն էր` ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիքի ղեկավարութեան տակ: Կայ համաձայնութիւն դեսպան Քասփրչիքի առաքելութեան ընդլայնման հարցին մէջ յառաջ ընթանալու վերաբերեալ, եւ այստեղ մեր այցելութեան նպատակը այդ համաձայնութեան իրականացման վերաբերող որոշ մանրամասնութիւններու վրայ աշխատիլն է», ըսաւ ամերիկացի համանախագահը:
«Ս. Փեթերսպուրկի եւ Վիեննայի մէջ նաեւ քննարկումներ կատարուած են բանակցութիւններուն մէջ յառաջ ընթանալու մասին: Նախագահները վերստին հաստատեցին բանակցութիւններու միջոցով տագնապի խաղաղ լուծման իրենց յանձնառութիւնը: Ի հարկէ, կը շարունակեն գոյութիւն ունենալ տարակարծութիւններ, կան հարցեր, որոնց մասին պէտք է խօսիլ եւ որոնց վրայ պէտք է աշխատիլ, ատիկա որեւէ բանակցութեան մաս կը կազմէ, սակայն փաստը այն է, որ երկու նախագահները` Սարգսեանը եւ Ալիեւը իրենց յանձնառութիւնը հաստատած են խաղաղութեան ճամբուն նկատմամբ, որ ի վերջոյ պիտի օգնէ հասնիլ համաձայնութեան, որ կրնայ երաշխաւորել երկարատեւ լուծումը: Մենք այստեղ` Երեւանի մէջ նախագահին հետ կ՛ուզենք քննարկել այդ գաղափարներէն քանի մը հատը, եւ թէ յաջորդին ի՛նչ քայլերու պիտի ձեռնարկուին», նշած է ամերիկացի համանախագահը:
«Ես կրնամ ձեզի վստահեցնել, որ Հելսինքեան սկզբունքները կ՛ընդունին բոլոր կողմերը: Ատիկա կը ներառէ ինքնորոշման, տարածքային ամբողջականութեան եւ ուժ չկիրարկելու սկզբունքները: Ապագայ որեւէ համաձայնութեան հիմքերը պիտի ըլլան Հելսինքեան սկզբունքները եւ Հելսինքեան եզրափակիչ հռչակագիրը: Մենք կ՛աշխատինք բոլոր երեք սկզբունքներուն հիման վրայ: Մենք կը շարունակենք այդ սկզբունքները ընդունիլ իբրեւ կարեւոր ուղի մեր քննարկումներուն ընթացքին», ըսած է Ուորլիք` պատասխանելով այն հարցումին, թէ տագնապին ո՞ր կողմը կ՛ընդունի Հելսինքեան սկզբունքները:
«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Ուորլիք յայտնած է, որ նախագահներ Սարգսեանի եւ Ալիեւի հանդիպումին օրը տակաւին յայտնի չէ: «Մենք կ՛ակնկալենք, որ կողմերը պիտի կատարեն իրենց առջեւ դրուած յանձնառութիւնները: Կը մնայ, որ բարի կամք դրսեւորուի նաեւ նախագահներուն կողմէ», ըսած է ան` վստահութիւն յայտնելով, որ երկու նախագահներն ալ պատրաստ են Լեռնային Ղարաբաղի հարցի խաղաղ լուծման:
«Ապրիլեան Ողբերգական Դէպքերէն Ետք
Զինադադարի Դրութեան Նկատմամբ Յարգանք Կայ»
ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիք 25 հոկտեմբերին լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին անդրադարձած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն շրջան այցելութեան, Ազրպէյճանի, Լեռնային Ղարաբաղի ու Հայաստանի մէջ կայացած հանդիպումներուն եւ կատարուած քննարկումներուն:
Դիւանագէտը ներկայացուցած է իրենց այցելութեան նպատակները, որոնք քանի մը հատ են: Հիմնական նպատակներէն է, ըստ Ուորլիքի, զինադադարի դրութեան պահպանման մասին քննարկում կատարել կողմերուն հետ:
«Իմ երազս է, ու, կը կարծեմ, թէ նաեւ բոլոր հայերուն ու ազրպէյճանցիներուն երազն է այն, որ ժողովուրդները կարենան իրարու հետ կողք-կողքի, խաղաղ ու անվտանգ ապրիլ: Ես կրնամ ձեզի յիշեցնել, որ եղած են ժամանակներ, երբ հայերն ու ազրպէյճանցիները կողք-կողքի ապրած են: Երիտասարդ հայերու ու ազրպէյճանցիներու սերունդը այդ ալ չի տեսներ», յայտնած է Ուորլիք:
Ապրիլեան ողբերգական դէպքերէն ետք զինադադարի դրութեան նկատմամբ յարգանք կայ: Ուորլիք ըսած է, որ թէեւ ասիկա գոհացուցիչ է, սակայն նաեւ արձանագրուած են խախտումներ:
«Գիտենք, որ պատահած են դէպքեր, որոնց մասին մենք կ՛ուզենք կողմերուն հետ խօսիլ ու նաեւ տեղեակ ենք Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի շփման գիծին մէջ եղած լարուածութեան մասին: Միւս նպատակը այն է, որ հետամուտ ըլլանք նախագահներուն կողմէ Վիեննայի ու Ս. Փեթերսպուրկի բարձր մակարդակի հանդիպումներուն ձեռք բերուած համաձայնութիւններու իրականացման: Այդ քննարկումները կը շարունակուին», յայտնած է համանախագահը` շեշտելով, որ իրենք` իբրեւ տագնապի լուծման միջնորդներ, կ՛աշխատին «տեւական խաղաղութեան» հաստատման ուղղութեամբ:
Հայաստանցի լրագրող մը դիւանագէտին ըսած է, որ աւելի հասկնալի պիտի ըլլար, եթէ աւելի հասցէական ըլլային ապրիլեան պատերազմին մասին յայտարարութիւնները` քննադատելով զայն հրահրող կողմը: Ուորլիք պատասխանած է, որ ապրիլին տեղի ունեցածը իրական ողբերգութիւն էր, որ բազմաթիւ կեանքեր խլեց:
Լրագրողը հարցուցած է, որ թէեւ բարձր մակարդակի վերջին այցելութիւններէն քանի մը ամիս անցած է, սակայն որեւէ աշխուժ գործողութիւն չէ կատարուած այդ ուղղութեամբ: Ի պատասխան` ամերիկացի համանախագահը նկատել տուած է, որ այդ հանդիպումներէն ետք կարելի եղած է անուղղակօրէն խօսիլ շարք մը խնդիրներու մասին:
Ան շեշտած է, որ համանախագահները կ՛ակնկալեն, որ կողմերը պիտի կատարեն իրենց առջեւ դրուած յանձնառութիւնները: Կը մնայ բարի կամք դրսեւորուի նաեւ նախագահներուն կողմէ: Ան վստահութիւն յայտնած է, որ երկու նախագահներն ալ պատրաստ են Լեռնային Ղարաբաղի խաղաղ լուծման: «Մենք չենք ուզեր տեսնել տագնապի ընդլայնում, երկարաձգում: Երկու նախագահներն ալ իրական հայրենասէրներ են, անոնք իրենց երկրին, իրենց ժողովուրդին կը հաւատան: Երկու նախագահներն ալ պատրաստ են լուծում գտնելու: Նախագահ Սարգսեանն ու նախագահ Ալիեւը պէտք է համաձայնին, որ արդէն ժամանակն է` խնդիրին խաղաղ լուծում տալու: Մենք կ՛աջակցինք ասոր եւ կը փորձենք լաւ գաղափարներ առաջադրել այդ ուղղութեամբ», ըսած է ամերիկացի համանախագահը:
Ուորլիք Կը Բացառէ Արցախի Մասին Համաձայնագիր Մը`
Առանց «Ազրպէյճանի Հողերու Վերադարձ»-ին
Ազրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութեան համաձայն, Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիք Պաքուի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարած է. «Առանց Ազրպէյճանի գրաւեալ հողերու վերադարձին, կամ` առանց Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակին շուրջ բանակցութիւններու», ո՛չ մէկ համաձայնագիր պիտի գոյանայ:
Ան նշած է, որ բանակցութիւններու սեղանին վրայ կը գտնուին լուծման բազմաթիւ տարրեր: «Բանակցութիւններու տարրերը կը բովանդակեն գաղթականներու եւ հարկադրաբար տեղահանուածներու վերադարձը դէպի իրենց հողերը, նաեւ` այդ տարածքին վրայ խաղաղապահներու տեղաւորումը: Այդ բոլորը քննարկումներու առարկայ կրնան ըլլալ: Ապագայ կարգավիճակի որոշման հարցը ի՛նք` նախագահ Իլհամ Ալիեւ բարձրացուց, եւ մենք կ՛ողջունենք ատիկա: Հանդիպումներուն ընթացքին նախագահները կրնան քննարկել զանազան տարրեր: Նման հանդիպումներ պէտք է շարունակուին: Նշուած բոլոր տարրերը պէտք է քննարկուին իբրեւ ամբողջական ծրար, որպէսզի ղարաբաղեան տագնապը լուծուի խաղաղ ճամբով: Համանախագահները արդէն իսկ նշեցին, որ ներկայ իրավիճակը երկար չի կրնար տեւել», ըսած է Ուորլիք:


