Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Մեծ Ընտանիքը Արժանաւորապէս Նշեց Գիւտ Խաչի Տօնը

October 24, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

sourp-nshan_102316

Երէկ` կիրակի, 23 հոկտեմբերին, Գիւտ Խաչի տօնին առիթով նշուեցաւ Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ անուանակոչութիւնը: Ս. պատարագը մատուցեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս.  Փանոսեան: Սրբազան հայրը իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ 4-րդ դարուն պատահած դէպքին, երբ Հեղինէ թագուհին գտաւ Քրիստոսի խաչափայտը եւ զայն արժանաւորապէս կանգնեցուց այն վայրին մէջ, ուր Քրիստոս իր հոգին աւանդեց: Առաջնորդ սրբազանը նկատել տուաւ, որ «այս տօնը Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ համար ունի պատմական նշան եւ արժէք, որովհետեւ անցնող բազմաթիւ դարերուն դէպի Երուսաղէմ ուղեւորուող հայ ուխտաւորները այս ճամբով կ՛անցնէին եւ այստեղ իրենց ուղեւորութեան համար ներուժ քաղելէ ետք հաւատքով կ՛ուղղուէին դէպի Երուսաղէմ»:

Շարունակելով իր խօսքը` սրբազան հայրը ըսաւ, որ ժամանակներու ընթացքին մենք ճանչցած ենք բազում վերիվայրումներ, սակայն անցնող բոլոր դարերուն, մեր ժողովուրդը իր հաւատքի գիտակցութեան մէջ մնացած է հաստատ եւ ամուր` այդ հաւատքէն բխող ազգային իր գիտակցութեան եւ կեցուածքներուն մէջ: «Հայութիւնը խաչի նշանէն իր կեանքին համար քաղած է զօրութիւն ու առաջնորդութիւն եւ եղած է խաչապաշտ ժողովուրդ», շեշտեց առաջնորդ սրբազանը` աւելցնելով, որ Գիւտ խաչի տօնին առիթով հայ եկեղեցին մեզ կը խրախուսէ եւ կը խրատէ` թելադրելով, որ մեր կեանքին մէջ մենք ալ Հեղինէ թագուհիին օրինակով փորձենք փնտռել եւ գիւտը կատարել մեր հաւատքի խաչին` փարելով խաչին եւ խաչեցեալին, որպէսզի մերօրեայ տագնապներուն մէջ կարենանք յաջողապէս կտրել այս աշխարհի ճամբաները` առանց յանձնուելու եւ ենթարկուելու կեանքէն եկող փոթորիկներուն, այլ փարելով քրիստոնէավայել այն կեանքին, զոր ժառանգեցինք մեր նախնիներէն եւ որուն համար իբրեւ ազգ անցնող դարերուն մենք ալ պայքար մղեցինք եւ լսեցինք երկնային աւետիսը, որ մեզի կը պատգամէր, թէ այսպիսով միայն պիտի յաջողինք յաղթանակ տանիլ այս կեանքին մէջ, ինչպէս նաեւ հասնիլ յաւիտենական կեանքին:

Եզրափակելով իր խօսքը` սրբազան հայրը յայտնեց, որ երկրաւոր կեանքի անցուդարձերուն եւ տեսակաւոր փոթորիկներուն իբրեւ պսակում Քրիստոս երկնային փառքով պիտի յայտնուի մեր կեանքին մէջ` ժողվելու համար իր հաւատարիմ հետեւորդները եւ զանոնք առաջնորդելու դէպի Աստուած` դէպի յաւիտենական կեանք:

Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ մատաղօրհնէք:

Այնուհետեւ եկեղեցւոյ «Կարպիս եւ Արեգ Նազարեան» սրահին մէջ մատուցուեցաւ սիրոյ սեղան: Թաղականութեան անունով խօսք առաւ Սմբատ Ղազելեան: Ան Ս. Նշան Մայր եկեղեցին նմանցուց նաւու մը, որ աւելի քան 150 տարիէ ի վեր,  իբրեւ պատկառելի եւ գեղեցիկ նաւ մը, իրեն հետ կը տանի իր հաւատամքին եւ երազներուն հաւատացողներ, դէպի ճշմարտութեան եւ արդարութեան ափերը:

Թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան իր կարգին խօսք առնելով գնահատեց եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքը` քահանայ հայրը, թաղականութիւնը, տիկնանց յանձնախումբը, դպրաց դասը, ծխական համայնքը, որ հաւատարմօրէն կառչած իրենց եկեղեցւոյ, կը շարունակեն ծառայութեամբ փայլուն եւ կենսունակ վիճակի մէջ պահել  եկեղեցին, որ լիբանանահայ կեանքին մէջ մասնաւոր նշանակութիւն ունի: Ան յոյս յայտնեց, որ շնորհիւ այս աշխատանքին, եկեղեցին վերստին իր ծաղկուն վիճակին կը վերադառնայ: Սրբազան հայրը նաեւ անդրադարձաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին Լիբանանի թեմ հովուապետական այցելութեան, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ ամիս:

Նախորդը

Բարի Յիշատակ (28). Կիւվտէրի Մահուան Առիթով

Յաջորդը

Րաֆֆի Մանտալեանի Ճազի Մենահամերգը` Հայկականութեան Եւ Իւրայատուկ Յօրինումներու Յաջողած Միաձուլում

RelatedPosts

Բագրատունի. «Մեր Կարեւորագոյն Որոշումը  Ներքին Միասնութեան, Համակեցութեան  Եւ Մեր Ազատութիւններու, Ինչպէս Նաեւ  Գերիշխանութեան Մնացորդի Պահպանումն Է»
Գաղութային

Բագրատունի. «Մեր Կարեւորագոյն Որոշումը Ներքին Միասնութեան, Համակեցութեան Եւ Մեր Ազատութիւններու, Ինչպէս Նաեւ Գերիշխանութեան Մնացորդի Պահպանումն Է»

October 3, 2026
Գրենական Պիտոյքներու Բաշխում Հայկական Տարբեր Վարժարաններու Աշակերտներուն
Գաղութային

Գրենական Պիտոյքներու Բաշխում Հայկական Տարբեր Վարժարաններու Աշակերտներուն

October 3, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց ՀԲԸՄ-ի «Տէմիրճեան» կեդրոն
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց ՀԲԸՄ-ի «Տէմիրճեան» կեդրոն

October 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.