ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Դժուարութեան մէջ եղող անձերու օգնութեան կը հասնիք եւ ձեր խրատներով զանոնք կը համոզէք: Այսպիսով անոնց բեռը թեթեւցուցած կ՛ըլլաք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ծրագիրի մը համար ինչ գաղափար որ ունիք արագօրէն կիրարկեցէք քանի ուշ չէ: Այս օրերուն ձեր աստղը շատ փայլուն է եւ ձեզի յաջողութիւններ պիտի պարգեւէ:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Եթէ կը կարծէք, թէ անբախտ էք, կը սխալիք. յաջորդաբար յաջողութիւններ պիտի արձանագրէք, նոյնիսկ դուք պիտի զարմանաք. երբեմն բախտը անզգալաբար կը յայտնուի:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ծրագիրի մը իրագործման համար եթէ լաւ մտածէք, ամէն ինչ յաջող կ՛ընթանայ: Կրնաք նաեւ դիմել օգնութեան փորձառու անձերու, որոնք սիրայօժար պիտի օգնեն ձեզի:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Վիճաբանութեան մը ընթացքին ձեզ տկարացնել ուզողներ կան, սակայն միեւնոյն ժամանակ կը գտնուին անձեր ալ, որոնք ձեզի պաշտպան պիտի կանգնին, թէեւ անոնցմէ բնաւ չէիք ակնկալեր ատիկա:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ձեր ասպարէզին մէջ պիտի կատարուին փոփոխութիւններ, որոնք քիչ մը ձեզ պիտի յոգնեցնեն, սակայն ժամանակի ընթացքին պիտի ընտելանաք եւ սիրով պիտի աշխատիք:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Շատ բծախնդիր էք, ինչ որ ձեզ կը յոգնեցնէ. դուք ձեզի հանդէպ պահանջկոտ մի ըլլաք եւ կատարելութեան հասնելու ճիգ մի ընէք: Քիչ մը եսասէր եղէք, որպէսզի քիչ մը հանգիստ ընէք:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Կէս ձգուած գործի մը պիտի ձեռնարկէք. թէեւ տակաւին շատ յոյս չունիք յաջողութեան, սակայն պիտի յղանաք անսպասելի մտածում մը, որ ձեր գործը պիտի կարենաք իր աւարտին հասցնել:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Սիրային կապ մը, որ երկար ատենէ ի վեր գոյութիւն ունի, պիտի կարենաք յաջողութեամբ պսակել: Ապագան շատ փայլուն է, եւ երջանիկ կեանք մը պիտի ունենաք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ձեր գործով շատ տարուած էք եւ նոյնիսկ ժամանակին անցնիլը չէք տեսներ: Լաւ բան մըն է, սակայն ուշադրութիւն ըրէք ձեր առողջութեան, քիչ մը թեթեւցուցէք գործը, որպէսզի կարենաք ձեր գործը շարունակել:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Անտրամադի՞ր էք. լաւագոյն միջոցը մարզանքն է. թեթեւ մարզանքներով կարելի է կազդուրուիլ. անիմաստ հարցերով ձեր կեանքը մի թունաւորէք. առողջ միտքը առողջ մարմնին մէջն է:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ինչո՞ւ ընտանիքին բոլոր գործերը դուք կը ստանձնէք. պէտք է հաւասարապէս բաժնել միւս անդամներուն եւ պիտի տեսնէք, թէ ձեր յոգնութիւնը վերջ պիտի գտնէ:
