Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանի Հետ Յարաբերութիւնները Ներառած Է Առաջնահերթութիւններու Շարքին

October 19, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

eu-armenia_101816

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Եւրոպական Միութեան խորհուրդը վաւերացուցած է Ընդհանուր արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան ծիրին մէջ 2016-ի առաջնահերթութիւններու մասին զեկուցումը, որ որդեգրուած է իբրեւ յունիս 2016-ին Եւրոպական Միութեան արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինիի ներկայացուցած «Եւրոպական Միութեան համաշխարհային ռազմավարութիւն»-ը շարունակող եւ մանրամասնող փաստաթուղթ:

Փաստաթուղթին մէջ այլ հարցերու կողքին անդրադարձ կը կատարուի Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններու օրակարգին, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման:

«Հայաստանի հետ Եւրոպական Միութեան յարաբերութիւններուն մէջ շեշտը պիտի դրուի նոր շրջանակային համաձայնագիրի բանակցութիւններուն վրայ, որ նոր ազդակ պիտի հաղորդէ երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման: Աւելի՛ն, նոր Գործընկերութեան առաջնահերթութիւնները, որոնց շուրջ համաձայնութիւն պիտի գոյանայ, պիտի փոխարինեն Եւրոպական դրացնութեան քաղաքականութեան գործողութիւններու ծրագիրը, որ այլեւս ժամանակավրէպ է: Անցեալ տարուան սահմանադրական հանրաքուէէն ետք կարեւոր է, որ Հայաստանը կեանքի կոչէ նոր Ընտրական օրէնսգիրքը, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի եւ Եւրոպական խորհուրդի առաջարկները, նախքան յաջորդ` 2017-ի խորհրդարանական ընտրութիւնները: Իբրեւ հիմնական նուիրատու` Եւրոպական Միութիւնը իր ներդրումը պիտի ունենայ յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն մէջ` նիւթական բեռին մեծ մասը ծածկելով», նշուած է զեկուցումին մէջ: Նոյն ատեն կը շեշտուի, որ Եւրոպական Միութիւնը այլեւս չի ձգտիր Հայաստանի հետ Ընկերակցութեան համաձայնագիր կնքելու:

Առեւտրական յարաբերութիւններու առնչութեամբ` Հայաստանը կը նշուի այն 14 երկիրներուն շարքին, որոնց նկատմամբ Եւրոպական Միութիւնը կը կիրարկէ «Ճի.Էս.Փի.+» առեւտրական դրութիւնը: Եւրոպական Միութեան այս հարցին շուրջ կատարած կանոնաւոր հսկողութիւնն ու երկխօսութիւնը կը վկայեն, որ նշուած մարզին մէջ յառաջընթաց արձանագրուած է:

Զեկուցումի` Ազրպէյճանին առնչուող մասին մէջ անդրադարձ կայ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրին: «Եւրոպական Միութիւնը պիտի շարունակէ աջակցիլ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի միջնորդական ջանքերուն` ուղղուած Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի բանակցային ճամբով լուծման», կ՛ըսուի զեկուցումին մէջ:

 

 

Նախորդը

Նախագահական Ընտրութեան Հոլովոյթը Խորհրդանշող Շարք Մը Այցելութիւններ` Պնաշհիի, Պէյրութի, Այն Թինէի, Ռապիէի, Մեհրապի Եւ Մուխթարայի Միջեւ

Յաջորդը

Ալիեւ. «Լեռնային Ղարաբաղին Կրնայ Շնորհուիլ Ինքնավար Հանրապետութեան Կարգավիճակ»

RelatedPosts

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունեց Հնդկաստանի Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարը
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունեց Հնդկաստանի Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարը

February 3, 2026
«Մինչեւ Հայաստանի Մէջ Յունիսին Նախատեսուած Ընտրութիւնները, Մենք Կրնանք Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել»  Կ՛ըսէ Հասանկիւլիեւ
Գլխաւոր լուրեր

«Մինչեւ Հայաստանի Մէջ Յունիսին Նախատեսուած Ընտրութիւնները, Մենք Կրնանք Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել» Կ՛ըսէ Հասանկիւլիեւ

February 3, 2026
Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.