ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Հանդարտ եղէք եւ գրգռութիւններէ հեռու մնացէք: Ձեր շուրջի մարդիկը միշտ լաւ տրամադրութիւն չեն ունենար: Ուրեմն զգուշացէք վիրաւորելէ:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Խնայողութիւն ընելը լաւ է, սակայն շատ մի՛ չափազանցէք: Ձեզի եւ ընտանիքին կարիքները կարեւոր են, եւ զանոնք պէտք չէ զանց առնել: Ամէն բան` իր կարգին:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Եթէ կարեւոր հարցի մը համար ձեր ստորագրութիւնը պիտի դնէք, գրութիւնները լաւ կարդացէք եւ սերտեցէք, որպէսզի անախորժ անակնկալներու չհանդիպիք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Այս օրերուն ձեր առողջութիւնը զգայուն է: Եղանակի փոփոխութեան պատճառով շատ զգուշ պէտք է ըլլաք: Առողջութիւնը ամէն բանէ վեր դասեցէք:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Երկար ժամանակէ ի վեր ձեր բարեկամները չէք տեսած եւ ընկերային կեանքը կարօտցած էք: Հաւաքոյթ մը կազմակերպեցէք եւ հրաւիրեցէք զանոնք, որոնք անշուշտ սիրով պիտի ընդունին հրաւէրը:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Օրը քաջալերական չէ, եւ դուք շատ անտրամադիր էք եւ աշխատանքի երթալ չէք ուզեր: Աւելի լաւ կ՛ընէք, որ չերթաք, փոխանակ մեծ սխալներ ընելու:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ձեր տրամադրութիւնը բարձր չէ, եւ պզտիկ խօսք մը ձեզ կը ջղայնացնէ: Ձեր շրջանակէն քիչ մը հեռու մնացէք, որպէսզի ձեր շուրջինները չվիրաւորէք:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Շատ երեւակայութիւններ մի՛ ունենաք, որպէսզի յուսախաբութիւններ չապրիք: Ձեր ծրագիրները լաւ ուսումնասիրեցէք եւ այդպէս գործի անցէք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ձեր աստղերը փայլուն են եւ ձեզի յաջողութիւն կը խոստանան: Այսուհետեւ շատ պահանջկոտ մի՛ ըլլաք եւ ձեր փափաքները աստիճանաբար ներկայացուցէք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ընկերային եւ ընտանեկան կարգ մը դժուարութիւններ ունիք, զորս կարճ ժամանակի մը մէջ պիտի կարենաք լուծել, որմէ ետք գոհունակութիւն պիտի ապրիք:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ձեր սրտին խօսող անձ մը կայ, որուն չէք կրնար արտայայտուիլ: Համարձակ եղէք եւ ձեր դիմումը կատարեցէք, որովհետեւ այդ անձը շատոնց կը սպասէ ձեր արտայայտութեան:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ընտանիքին մէկ անդամը ձեզ պիտի վիրաւորէ, ինչ որ անշուշտ հաճելի պիտի չըլլայ ձեզի. սակայն դուք այնքան ներողամիտ էք, որ ինչպէս միշտ, պիտի ներէք: Ընտանիքին հանդէպ ձեր ունեցած զգացումը շատ զօրաւոր է: