Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նալբանդեան ՀԱՊԿ Նիստին Ներկայացուց Ազրպէյճանի Ապրիլեան Յարձակումին Հետեւանքները

October 15, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

nalbandian_101416

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ 14 հոկտեմբերին տեղի ունեցած է Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) պետութիւններու արտաքին գործոց նախարարներու, պաշտպանութեան նախարարներու եւ անվտանգութեան խորհուրդներու քարտուղարներու կոմիտէի միացեալ նիստը, որուն կը նախագահէր ՀԱՊԿ-ի արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նախագահ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան:

Միատեղ նիստը սկսած է փոքր կազմով, ապա ընդլայնուած է` պատուիրակութիւններու մասնակցութեամբ:

Հանդիպումին բացումը կատարելով նախարար Նալբանդեան ըսած է. «Հայաստանը միշտ աշխուժ եւ նախաձեռնող եղած է կազմակերպութեան շրջանակներուն մէջ փոխադարձ համագործակցութեան ամրապնդման, անդամ պետութիւններու միջեւ համագործակցութեան սերտացման, արտաքին քաղաքականութեան համադրումի մեքանիզմներու զարգացման, պաշտպանական մարզին մէջ փոխադարձ գործակցութեան խթանման, միջազգային մակարդակի վրայ անոր դերակատարութեան բարձրացման առումով: Կազմակերպութեան նախագահութեան հանգամանքէն մեկնած` մենք շարունակեցինք մեր հաստատուն քայլերը վերոնշեալ ուղղութիւններով»:

Ապրիլին Ազրպէյճանի կողմէ Ղարաբաղի դէմ սանձազերծուած յարձակումին հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակը ներկայացնելով` նախարարը դիտել տուած է, որ տագնապին նուիրուած Վիեննայի եւ Ս. Փեթերսպուրկի վեհաժողովներուն ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները շատ կարեւոր են եւ նշած, որ ցարդ Պաքուն կը հրաժարի զանոնք կեանքի կոչելէ:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը անդրադարձած է նաեւ սուրիական ճգնաժամին եւ իրավիճակի կայունացման ուղղութեամբ շուտափոյթ քայլերու նախաձեռնութեան անհրաժեշտութեան, նաեւ` միջազգային ահաբեկչութեան դէմ պայքարին եւ գաղթականութեան ճգնաժամին:

Նիստին ընթացքին անդրադարձ կատարուած է նաեւ Աֆղանիստանի մէջ տիրող իրավիճակին` լուսարձակի տակ առնելով այդ երկրին մէջ ահաբեկչութեան աճի սպառնալիքը կեդրոնական Ասիոյ պետութիւններու անվտանգութեան համար:

Միացեալ նիստին ընթացքին անդրադարձ կատարուած է նաեւ կազմակերպութեան կանոնադրական մարմիններու աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ քննարկուած է Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան անդամ երկիրներուն միջեւ միջազգային տարբեր ձեւաչափերով համագործակցութեան աշխուժացումը, 2016-2017 թուականներու քաղաքական, պաշտպանական եւ անվտանգութեան խնդիրներով խորհրդակցութիւններու գումարման ժամանակացոյցը:

 

Նախորդը

Հայաստան Կը Հակազդէ. Լաւրով. «Թուրքիան Կրնայ Դրական Դերակատարութիւն Ունենալ Ղարաբաղեան Տագնապի Լուծման Մէջ»

Յաջորդը

ՀԱՊԿ-ի Հաւաքական Անվտանգութեան Խորհուրդի Սեղմ Կազմով Նիստ

RelatedPosts

Հրապարակուեցան Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Պաշտօնական Արդիւնքները
Հայկական

Հրապարակուեցան Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Պաշտօնական Արդիւնքները

October 27, 2026
Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը  Կը Ներկայացնէ Ռուբէն Վարդանեանի Գործին  Վերաբերեալ Իրաւական Ժողովածու
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը Կը Ներկայացնէ Ռուբէն Վարդանեանի Գործին Վերաբերեալ Իրաւական Ժողովածու

October 27, 2026
Պայրամով. «Հայ Հասարակութիւնը Պէտք Է Ընդունի,  Որ Խաղաղութիւնը Կարեւոր Է Թէ՛ Իր,  Թէ՛ Ալ Ազրպէյճանական Հասարակութեան Համար»
Գլխաւոր լուրեր

Պայրամով. «Հայ Հասարակութիւնը Պէտք Է Ընդունի, Որ Խաղաղութիւնը Կարեւոր Է Թէ՛ Իր, Թէ՛ Ալ Ազրպէյճանական Հասարակութեան Համար»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.