
Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի վերջին ելոյթը ցոյց կու տայ, որ երկրին ղեկավարութիւնը շփոթած է եւ ծառացած խնդիրները լուծելու անկարողութիւն կը ցուցաբերէ. այս մասին յայտնած է Ազրպէյճանի նախկին վարչապետ Փանահ Հիւսէյն` ըստ «Թուրան» լրատու գործակալութեան:
Ուշադրութիւն հրաւիրելով Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը ճանչնալու հարցով Պաքուի վրայ գործադրուող ճնշումին վերաբերեալ Ալիեւի յայտարարութեան վրայ` Հիւսէյն ըսած է, թէ ղեկավարութեան հռետորաբանութեան կտրուկ փոփոխութիւնը եւ զինուորական ծախսերու կտրուկ կրճատումը կը վկայեն, թէ իշխանութիւնները ծրագիրներ ունին հասարակութիւնը երկրին համար «ո՛չ շահաւէտ փոխզիջման» նախապատրաստելու:
Ան նաեւ քննադատած է եւրոպական կառոյցներուն հետ կապերը սերտացնելու ջանքերէն հրաժարելու մասին Ալիեւի յայտարարութիւնները` պնդելով, որ անոնք կը հակասեն Ազրպէյճանի ազգային ապահովութեան սկզբունքներուն:


