
ԱՓԱ կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Հիքմեթ Հաճիեւ յայտարարած է, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի օգնական Եուրի Ուշաքովի Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին վերաբերեալ յայտարարութիւնը զարմանք ու ափսոսանք կը յառաջացնէ:
Ան նշած է, որ Ուշաքովի խօսքերը կը հակասեն Վիեննայի եւ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ նախագահներու հանդիպման ոգիին եւ ԵԱՀԿ¬ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու յայտարարութիւններուն:
«Այդ յայտարարութիւնը նաեւ չի համապատասխաներ հակամարտութեան կարգաւորման մանրամասն քննարկումներուն, որոնք կատարուած են շրջան Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի աշխուժ այցելութիւններուն ընթացքին», ըսած է ան:
Ուշաքով յայտարարած էր, որ Մոսկուա շատ լաւատես չէ մօտիկ ապագային ղարաբաղեան տագնապի լուծման հարցին մէջ: Ան մերժած էր բացայայտել բանակցութիւններուն «խոհանոց»¬ը` նշելով, որ կը քննարկուին բազմաթիւ տարբերակներ ու առաջարկներ:


