
Հայաստանի բնապահպանութեան նախարար Արծուիկ Մինասեան 14 հոկտեմբերին ընդունած է Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպան Սէյիտ Քազեմ Սաճատին: Ողջունելով հիւրը` բնապահպանութեան նախարարը համոզում յայտնած է այն մասին, որ դեսպանին հետ ունեցած իր արդիւնաւէտ աշխատանքի նախորդ փորձառութիւնը լուրջ նախադրեալ է նաեւ բնապահպանական մարզին մէջ համագործակցութիւնը առաւել բարձր մակարդակի վրայ դնելու` ի շահ երկու բարեկամական պետութիւններուն:
Դեսպան Սաճատին շնորհաւորած է Արծուիկ Մինասեանը` Հայաստանի բնապահպանութեան նախարարի պաշտօնին վրայ նշանակուելուն առիթով եւ, ծանօթ ըլլալով գործադիրին մէջ անոր նախորդ գործունէութեան, համոզմունք յայտնած է, որ նոր պաշտօնին մէջ եւս նոյն արդիւնաւէտութեամբ պիտի աշխատի: Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպանը յայտարարած է, որ երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն մէջ զգալի տեղ պէտք է յատկացնել բնապահպանական հարցերու վերաբերեալ համագործակցութեան ընդլայնման:
Շնորհակալութիւն յայտնելով` բնապահպանութեան նախարարը հաստատած է, որ ճշդուած եւ յստակ ուղղութիւններով հետագայ համագործակցութիւնը անպայման պիտի տայ շօշափելի արդիւնքներ:
Կողմերը քննարկած են կենսոլորտային զբօսաշրջութեան, երկիրներու տնտեսութիւններուն մէջ կենսոլորտային առումով մաքուր, նուազագոյն արտանետումներով արհեստագիտութեան զարգացման անհրաժեշտութեան, երիտասարդ մասնագէտներու միջեւ փորձառութեան փոխանակման, ինչպէս նաեւ միջազգային հարթակներու վրայ աշխուժ համագործակցութեան եւ միասնական շահերու հետապնդման առնչուող հարցեր:
Դեսպան Սաճատի անդրադարձած է բնապահպանութեան մարզին մէջ երկու երկիրներու մասնագէտներուն կողմէ իրականացուող դիտարկման չափորոշիչներու համադրման, կենսոլորտային տեղեկատուութեան փոխանակման, երկու երկիրներու մասնագէտներուն կողմէ միացեալ դիտարկումներու կազմակերպման:
Շեշտելով, որ կենսոլորտային պահանջներու պահպանումը շրջանի բոլոր երկիրներուն պարտաւորութիւնն է` Արծուիկ Մինասեան պատրաստակամութիւն յայտնած է նման հանդիպումներ յաճախ կազմակերպելու եւ նոր թափ հաղորդելու բնապահպանութեան մարզին մէջ երկու երկիրներու համագործակցութեան:


