Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վիգէն Սարգսեան. «Ազրպէյճան Անհանգստացած Է «Իսքանտեր»-ներով»

Հոկտեմբեր 14, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

vickensargsyan_101316

Մեկնաբանելով Ազրպէյճանի զինուած ուժերու ղեկավարին այն յայտարարութիւնը, թէ իրենք «այսուհետեւ աւելի կոպիտ պատասխան պիտի տան հայկական կողմին», պաշտպանութեան նոր նշանակուած նախարար Վիգէն Սարգսեան ըսած է, որ Ազրպէյճան անհանգստացած է «Իսքանտեր»-ներով եւ Հայաստանի զինուած ուժերու շարքերուն մէջ տեղի ունեցող հոլովոյթներով:

«Իսկ ի՞նչ կարելի է ակնկալել պետութենէ մը, որ միշտ կը յայտարարէ, թէ պիտի փորձէ խնդիրը լուծել զինուորական միջոցներով: Վստահաբար, իրենք շատ անհանգստացած են ե՛ւ այն պատկերէն, որ տեսան 21 սեպտեմբերի զօրահանդէսին, այն հոլովոյթներէն, որ կը տեսնեն Հայաստանի զինուած ուժերուն մէջ: Մենք պէտք է միշտ պատրաստ ըլլանք հաւանական զարգացումներուն եւ կատարենք ամէն բան, որ մեր զինուած ուժերը ի վիճակի ըլլան ետ մղելու նման փորձեր եւ պաշտպանեն Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան բնակչութեան անվտանգութիւնը», «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է նախարարը:

Շուրջ տասը օր առաջ պաշտպանութեան նախարար նշանակուելէ ետք Վիգէն Սարգսեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հարցումին ի պատասխան, առաջին անգամ ըլլալով մեկնաբանած է իր հասցէին հնչող քննադատութիւնը, թէ զինուորական փորձառութիւն չունեցող անձը զինուած ուժերու արդիւնաւէտ ղեկավար չի կրնար ըլլալ. «Պաշտպանութեան նախարարութեան հիմնական գործառոյթը քաղաքացիական վերահսկողութիւնն է զինուած ուժերուն նկատմամբ, եւ կապն է զինուած ուժերուն եւ պետութեան մնացած բոլոր կառոյցներուն  հետ, որոնք պէտք է զօրաշարժի ենթարկուին զինուորական գործողութիւններու պարագային, եւ կը կարծեմ, որ պաշտպանութեան նախարարութեան գործառոյթը անոր մէջ է, շատ յստակ ամրագրուած է եւ սկզբունքօրէն պաշտպանութեան նախարարը պէտք է ըլլայ քաղաքային պաշտօնեայ եւ ոչ թէ զինուորական»:

Նախապէս շուրջ 5 տարի նախագահական աշխատակազմի ղեկավարի պաշտօն վարած Սարգսեան նաեւ անդրադարձած է պաշտպանական մարզին մէջ յառաջիկային կատարուելիքներուն. «Յառաջիկայ օրերուն, երբ կառավարութիւնը ներկայացնէ իր ծրագիրը Ազգային ժողովին, անոր  մէջ շատ յստակ ամրագրուած պիտի ըլլան պաշտպանութեան մարզին մէջ այս կառավարութեան հիմնական նպատակը եւ ուղղութիւնները: Ես անոնց մասին առիթ ունեցած եմ խօսելու, խօսքը կը վերաբերի ազգ-բանակ գաղափարախօսութեան, եւ ատիկա բացարձակ չի նշանակեր  հասարակութեան զինուորականացում, այլ կը նշանակէ, որ պետութեան բոլոր կառոյցները եւ հասարակութիւնը մշտապէս պէտք է իրենց ժամանակին մէկ մասը յատկացնեն երկրի անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան խնդիրներուն իրենց ներդրումը ունենալուն»:

«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի թղթակիցը հարցուցած է, թէ արդեօք պաշտպանական համակարգէն պիտի հեռացուի՞ն այն հրամանատարներն ու այլ զինուորականները, որոնց կողմէ եղած չարաշահումներուն մասին մամուլին մէջ բազմաթիւ հրապարակումներ կան. նախարարը ըսած է. «Բանակին մէջ չարաշահումներու վերացումը ազգի կառուցման կարեւորագոյն բաղադրիչներէն մէկն է, որովհետեւ անոր հետ կապուած է վստահութիւնը դէպի զինուած ուժերը, վստահութիւնը դէպի պաշտպանութեան համակարգը»:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք իր նախորդին` Սէյրան Օհանեանին նախարարի պաշտօնէն հեռացումը կապուած չէ՞ր ապրիլեան պատերազմին արձանագրուած թերացումներուն, նոր նշանակուած նախարարը բացասական պատասխան տուած է. «Բացարձակ: Ես կը կարծեմ` հանրապետութեան նախագահը` գերագոյն գլխաւոր հրամանատարը, շատ յստակ պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ ներկայացուց այդ փոփոխութեան հիմնաւորումը եւ այն գաղափարախօսութիւնը, որ դրուած է քաղաքային պաշտպանութեան նախարար նշանակելու հիմքին մէջ»:

 

Նախորդը

Թուրքիոյ Մէջ Օտարալեզու Թերթերուն Համար Որդեգրուած Են Օրէնքով Սահմանափակումներ

Յաջորդը

Ուշաքով. «Մոսկուան Մեծ Լաւատեսութիւն Չունի Մօտիկ Ապագային Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Լուծման Հարցին Մէջ»

RelatedPosts

Հայ-Ուրուկուէյական Յարաբերութիւններու Հետագայ Զարգացման Ուղիներու Քննարկում
Գլխաւոր լուրեր

Հայ-Ուրուկուէյական Յարաբերութիւններու Հետագայ Զարգացման Ուղիներու Քննարկում

Հոկտեմբեր 27, 2025
Վարդան Ղուկասեանի Նկատմամբ Նոր Մեղադրանք Առաջադրուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Վարդան Ղուկասեանի Նկատմամբ Նոր Մեղադրանք Առաջադրուած Է

Հոկտեմբեր 27, 2025
Թրամփ. «Փութին Ըսաւ, Որ Բոլորը Կը Փորձէին Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Խաղաղութեան Հասնիլ, Սակայն Միայն Ես Յաջողեցայ»
Հայկական

Թրամփ. «Փութին Ըսաւ, Որ Բոլորը Կը Փորձէին Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Խաղաղութեան Հասնիլ, Սակայն Միայն Ես Յաջողեցայ»

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?