
«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ նախագահի օգնական Եուրի Ուշաքով յայտարարած է, որ Մոսկուա մեծ լաւատեսութիւն չունի մօտիկ ապագային Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հարցին մէջ` աւելցնելով, որ Մոսկուա պիտի շարունակէ աշխատիլ Պաքուի եւ Երեւանի հետ:
Ռուսիոյ նախագահի օգնականը մերժած է բացայայտել բանակցութիւններու «խոհանոց»-ը` նշելով, որ կը քննարկուին բազմաթիւ տարբերակներ ու առաջարկներ:


