Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիոյ Մէջ Օտարալեզու Թերթերուն Համար Որդեգրուած Են Օրէնքով Սահմանափակումներ

October 14, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

press_101316

«Էրմենիհապեր» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ մէջ հրատարակուող այն թերթերը, որոնք միայն մասամբ թրքերէն են, այլեւս պետական ու պաշտօնական կառոյցներու յայտարարութիւններն ու ծանուցումները հրապարակելու իրաւունք պիտի չունենան: Խօսքը մասնաւորաբար կը վերաբերի ազգային փոքրամասնութիւններուն` հայերուն, քիւրտերուն, յոյներուն եւ հրեաներուն պատկանող թերթերուն:

Այդ նիւթին անդրադարձած է թրքական ընդդիմադիր «Ճումհուրիյէթ» օրաթերթի թղթակից Այշէ Եըլտըրըմ: Ան նշած է, որ արտակարգ վիճակի դրութեան ծիրին մէջ որդեգրուած այս որոշումը 1920-ականներուն Թուրքիոյ մէջ սկիզբ առած «Քաղաքացի՛, թրքերէն խօսէ՛» շարժումին մէկ նոր արտայայտութիւնն է:

Եըլտըրըմ իր «Քաղաքացի՛, թրքերէն գրէ՛» խորագիրով յօդուածին մէջ կը նշէ, որ Թուրքիոյ փոքրամասնութիւններուն պատկանող թերթերը եւս, փաստօրէն, դարձան արտակարգ դրութեան զոհը:

«Կա՛մ ինծի հետ ես, կա՛մ գրողի ծոցը գնա» սկզբունքով մամուլը միատարր դարձնել ուզող իշխանութիւններու վերջին քայլը եղաւ պաշտօնական յայտարարութիւններու եւ ծանուցումներու նոր կանոնակարգի հռչակումը, որ դէմ է սահմանադրութեան հիմնական սկզբունքներուն», կը գրէ յօդուածագիրը:

«Երկիր» կը պարզաբանէ, որ նշեալ որոշումին ծիրին մէջ Թուրքիոյ մէջ լոյս տեսնող «Ակօս», «Նոր Մարմարա», «Ժամանակ», «Շալոմ», «Իհօ» եւ այլ հայկական, քրտական, յունական թերթերը այլեւս չեն կրնար հրապարակել բնակութեան կառավարման վարչութեան, մամուլի մէջ գովազդներու գործակալութեան, տարբեր հասարակական կազմակերպութիւններու, զանազան հիմնադրամներու, տեղական ինքնակառավարման մարմիններու կողմէ տրուող յայտարարութիւններն ու ծանուցումները:

Որոշումը կը վերաբերի նաեւ անգլերէն լոյս տեսնող «Հիւրրիյէթ Տէյլի Նիուզ», «Տէյլի Սապահ» եւ այլ նմանատիպ պարբերականներուն:

«Իշխանութիւնները, որոնք կ՛ուզեն մէկ հարուածով քանի մը թռչուն սպաննել, այսպիսով կը պաշտօնականացնեն ձուլման քաղաքականութիւնը», կը գրէ Այշէ Եըլտըրըմ:

Նախորդը

«ArmHiTec-2016» Միջազգային Ցուցահանդէսին Ներկայացուած Են Ռազմարդիւնաբերական Համակարգի Նորագոյն Մշակումները

Յաջորդը

Վիգէն Սարգսեան. «Ազրպէյճան Անհանգստացած Է «Իսքանտեր»-ներով»

RelatedPosts

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունեց Հնդկաստանի Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարը
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունեց Հնդկաստանի Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարը

February 3, 2026
«Մինչեւ Հայաստանի Մէջ Յունիսին Նախատեսուած Ընտրութիւնները, Մենք Կրնանք Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել»  Կ՛ըսէ Հասանկիւլիեւ
Գլխաւոր լուրեր

«Մինչեւ Հայաստանի Մէջ Յունիսին Նախատեսուած Ընտրութիւնները, Մենք Կրնանք Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել» Կ՛ըսէ Հասանկիւլիեւ

February 3, 2026
Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.