Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ArmHiTec-2016» Միջազգային Ցուցահանդէսին Ներկայացուած Են Ռազմարդիւնաբերական Համակարգի Նորագոյն Մշակումները

Հոկտեմբեր 14, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

armhitech-6-620x300

«Երեւան էքսպօ» ցուցահանդէսային համալիրին մէջ 13 հոկտեմբերին տեղի ունեցած է Սպառազինութիւններու եւ պաշտպանական արհեստագիտութեան «ArmHiTec-2016» առաջին միջազգային ցուցահանդէսի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը, որուն մասնակցած են Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան, Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Նիքոլայ Պորտիւժա, Ռուսիոյ ռազմարդիւնաբերական յանձնախումբի անձնակազմի փոխնախագահ Օլեկ Պոչքարէով, բարձրաստիճան հիւրեր, Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած օտար դեսպանութիւններու ներկայացուցիչներ:

armhitech-1_101316armhitech-2_101316Ցուցահանդէսին նպատակն է ներկայացնել Հայաստանի Հանրապետութեան եւ այլ երկիրներու նորագոյն զինուորական սարքաւորումները, ռազմարդիւնաբերութեան նորարարական մշակումները: Ցուցահանդէսի սկիզբը տրուած է Հայաստանի զինուած ուժերու պատուոյ պահակային վաշտի եւ յատուկ նշանակութեան ստորաբաժանումներու ցուցադրական ելոյթներով:

Խօսք առած է պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան` դիտել տալով, որ «ArmHiTec-2016» միջազգային ցուցահանդէսը կը միտի խթանել պաշտպանութեան մարզին մէջ հայրենական, գիտաթեքնիք արդի ձեռքբերումներու կիրարկումն ու ներդրումները: Ըստ անոր, ներկայիս միջազգային շուկային մէջ ճանաչում գտած ու մարտական կիրարկման մէջ փորձուած սպառազինութեան ու զինուորական համակարգին կողքին պաշտպանութեան արհեստագիտութեան մարզին մէջ  աւելի գործօն են նորարարական մշակումները, որոնք թոյլ կու տան փոխել մարտական գործողութիւններու վարման ձեւերը, աւելի  բարձրացնել զինուորներուն անվտանգութիւնը: Ըստ այդմ` ցուցահանդէսի ծիրին մէջ հիմնական շեշտը դրուած է բարձր արհեստագիտական լուծումներուն վրայ:

«Հայաստանը աւանդաբար յառաջատար դիրքեր զբաղեցուցած է էլեքտրոնիքսի, լէյզըրային արհեստագիտութեան, տեղեկատուական արհեստագիտութեան եւ նման այլ մարզերու մէջ: Այսօր նոյնպէս բարձր արհեստագիտական ասպարէզին մէջ մենք ունինք բաւարար ներուժ` պաշտպանութեան մարզին մէջ նորագոյն մշակումները կիրարկելու եւ ներդրումային բարենպաստ միջավայր ստեղծելու համար: Լիայոյս եմ, որ ցուցահանդէսը կը նպաստէ նաեւ միջազգային զինուորական արհեստագիտութեան համագործակցութեան աշխարհագրութեան ընդլայնման եւ նախաձեռնութեան մասնակցող պետութիւններու ռազմարդիւնաբերական ներուժի զարգացման: Հայաստանի ռազմարդիւնաբերութիւնը ունի համապետական  նորարարութեան կարելիութիւնները: Այս ծիրին մէջ բոլոր տեղական արտադրողներուն, գիտական մարզի ներկայացուցիչներուն եւ յառաջատար համալսարաններու ուսանողներուն կոչ կ՛ուղղեմ ջանք ու եռանդ չխնայելու ազգ-բանակ շրջագիծին մէջ իրենց ներգրաւուածութեան շրջանակները ուրուագծելու համար», նշած է նախարար Վիգէն Սարգսեան:

Ողջունելով ցուցահանդէսի մասնակիցներն ու հիւրերը` Նիքոլայ Պորտիւժա իր հերթին համոզում յայտնեց այն մասին, որ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող սպառազինութիւններու ցուցահանդէսը եւ մասնակից պետութիւններուն ու ձեռնարկութիւններուն ունեցած փորձառութեան փոխանակման կարելիութիւնները նոր խթան պիտի հանդիսանան հեռանկարային սպառազինութիւններու արտադրութեան ժամանակակից արհեստագիտութեան զարգացման համար, պիտի նպաստեն զինուորական համակարգերու վերաբերեալ եւ ռազմատնտեսական համագործակցութեան զարգացման, ինչպէս նաեւ ազգային ռազմարդիւնաբերական համալիրներու արտածման ներուժի ընդլայնման:

Բացման հանդիսաւոր արարողութենէն ետք Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան ծանօթացած է ցուցահանդէսին մասնակցող հայրենական եւ արտասահմանեան քանի մը տասնեակ ընկերութիւններու տաղաւարներուն մէջ ներկայացուած սպառազինութիւններու եւ զինուորական սարքաւորումներու ցուցանմուշներուն: Քննարկուած են փոխշահաւէտ ծրագրային շարք մը առաջարկներ: Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեանին ներկայացուած է նաեւ զինուորական նշանակութեան հայրենական արտադրատեսակներու փակ ցուցադրութիւնը:

 

 

 

Նախորդը

Կառավարութիւնը Որոշեց Հատուցել Արսալի Երկրագործներուն Կրած Վնասները

Յաջորդը

Թուրքիոյ Մէջ Օտարալեզու Թերթերուն Համար Որդեգրուած Են Օրէնքով Սահմանափակումներ

RelatedPosts

Հայ-Ուրուկուէյական Յարաբերութիւններու Հետագայ Զարգացման Ուղիներու Քննարկում
Գլխաւոր լուրեր

Հայ-Ուրուկուէյական Յարաբերութիւններու Հետագայ Զարգացման Ուղիներու Քննարկում

Հոկտեմբեր 27, 2025
Վարդան Ղուկասեանի Նկատմամբ Նոր Մեղադրանք Առաջադրուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Վարդան Ղուկասեանի Նկատմամբ Նոր Մեղադրանք Առաջադրուած Է

Հոկտեմբեր 27, 2025
Թրամփ. «Փութին Ըսաւ, Որ Բոլորը Կը Փորձէին Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Խաղաղութեան Հասնիլ, Սակայն Միայն Ես Յաջողեցայ»
Հայկական

Թրամփ. «Փութին Ըսաւ, Որ Բոլորը Կը Փորձէին Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Խաղաղութեան Հասնիլ, Սակայն Միայն Ես Յաջողեցայ»

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?