ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Այսօր ձեր տրամադրութիւնը շատ բարձր է, եւ ո՛չ մէկ միջադէպ կրնայ խանգարել: Լաւ լուր մը բնաւ առանձին չի գար: Առաջին լաւ լուրին երկրորդ մը պիտի յաջորդէ:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Շատ խանդավառ էք եւ կ՛ուզէք ձեր ուրախութիւնը բաժնել բարեկամներուն հետ: Երեկոյեան ճոխ ընթրիքի մը պիտի հրաւիրէք ձեր բարեկամները եւ ձեր ընկերները:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Մի՛ ձգէք, որ ձեր շուրջը գտնուող անձերը քննադատեն ձեր գործերը: Անշուշտ ասիկա նախանձի պատճառով է: Այս քննադատութիւնները պէտք չէ ազդեն ձեր վրայ:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ճամբորդութեան ծրագիր մը կազմած էք: Եթէ ուսանող էք, շատ յաջող տարեշրջան մը պիտի բոլորէք: Եթէ պտոյտի համար է, անակնկալներով լեցուն պիտի ըլլայ այդ ճամբորդութիւնը:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ձեր լաւատեսութիւնը կարծէք նախանձը պիտի արթնցնէ ձեր շուրջիններուն, որոնք պիտի ջանան ձեր օրինակին հետեւիլ: Բարի օրինակ էք բոլորին:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Գործի մը համաձայնութեան հարց կայ: Զգուշացէք եւ լաւ մտածեցէք ստորագրելէ առաջ: Ձեզ շահագործողներ կան ձեր շուրջը: Ամէն մարդ անկեղծ չի կրնար ըլլալ:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Միշտ առանձնանալ կ՛ուզէք եւ ոչ մէկ բան կը հետաքրքրէ ձեզ, ինչ որ լաւ չէ: Ընկերային կեանքը կրնայ ձեր տրամադրութիւնը բարձրացնել: Պարզապէս ճաշարան մը երթալը նոյնիսկ կը փոխէ ձեզ:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Միշտ կը փափաքիք խնճոյքներ կազմակերպել: Ձեր Ծնողները լաւ դեր պիտի չունենան, բայց պէտք չէ կասկածիլ անոնց ունեցած հեղինակութեան վրայ: Յարգեցէք զանոնք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Շատ ուրախ օր մը պիտի ունենաք, ձեր աստղը կը փայլի եւ սիրային արկածախնդրութիւններ կը խոստանայ ձեզի: Ուրեմն առիթը օգտագործեցէք եւ ձեր բախտը մի՛ վանէք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Այս շաբաթավերջին կ՛ուզէք լեռ բարձրանալ եւ առանձնանալ. ինչո՞ւ ոչ: Կատարեցէք ձեր փափաքը, որմէ ետք բարձր տրամադրութեամբ պիտի վերադառնաք:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ընտանիքէն ներս իշխող ըլլալ կ՛ուզէք, ինչ որ շատ լաւ բան մը չէ: Իւրաքանչիւր անդամ իր կարծիքը արտայայտելու իրաւունք ունի եւ իր կեանքը իր ուզածին պէս ապրիլ կ՛ուզէ:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Այսօր բացառիկ օր մը պիտի ըլլայ ձեզի համար: Ձեր մէկ յաջող գործին համար ձեզ պիտի շնորհաւորեն: Պաշտօնի բարձրացում մըն ալ կը նախատեսուի: