
Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ հրամանագիր մը ստորագրած է Վարդան Յարութիւնեանը Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան առընթեր Պետական եկամուտներու կոմիտէի նախագահ նշանակելու մասին, այս մասին կը տեղեկացնէ Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութիւնը: Յարութիւնեան Պետական եկամուտներու կոմիտէի նախագահ նշանակուեցաւ Յովհաննէս Յովսէփեանի փոխարէն:


