ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Ձեր ծրագիրները լոյսի բերէք, ձեր գիտութիւնը արտայայտեցէք, խորհրդակցեցէք: Պիտի տեսնէք, թէ յաջողութիւնը ձեզ կը սպասէ, ձեր աստղը շատ փայլուն է:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Երկար ժամանակէ սպասուած գործ մը վերջապէս պիտի ունենաք. ձեր հմտութիւնը եւ աշխատասիրութիւնը անշուշտ պիտի գնահատուին եւ պիտի քաջալերուիք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Կարծէք ձեր ջիղերուն վրայ կ՛ապրիք եւ նուազագոյն պատճառով կ՛անհանգստանաք: Կեանքին քիչ մը թեթեւութեամբ մօտեցէք, որպէսզի ձեր հանգիստը գտնէք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Յաջորդաբար լաւ լուրեր պիտի ստանաք նոյնիսկ նիւթական մուտք մը պիտի ունենաք, հաւանաբար հեռու երկրէ մը ժառանգ ստանալու անակնկալ մը ունենաք:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ձեր շուրջիններուն բարելաւութեամբ շատ կը տարուիք եւ դուք ձեզ կը մոռնաք. հաւասարակշռել պէտք է նախ դուք ձեզի հոգ տարէք, որպէսզի կարենաք ուրիշներու օգտակար ըլլալ:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Շատ լաւատես էք եւ ձեր շուրջիններուն նկատմամբ մեծ վստահութիւն ունիք: Զգուշացէք, քանի որ կրնաք վնասներ ունենալ. ձեր լաւատեսութիւնը թող չարաչար չօգտագործուի:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ձեզ գնահատողներ եւ սիրողներ շատ են, դուք փոխադարձաբար կը սիրէք բոլորը եւ ձեր կարելի սահմաններուն մէջ բոլորին օգտակար ըլլալ կ՛ուզէք:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ձեր ընտանեկան կեանքը շատ ներդաշնակ է եւ բոլոր անդամները իրենց բաժինը կը բերեն, ինչ որ շատ կարեւոր է: Նոյնիսկ ձեւով մը նախանձողներ ունիք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ձեր հեղինակութիւնը շատ կարեւորութիւն ունի շրջապատին վրայ. նոյնիսկ ձեր բարեկամները ձեր օգնութեան կը դիմեն իրենց դժուար հարցերը լուծելու համար:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Եթէ արժէքաւոր առարկայ մը գնելու մտադիր էք, անմիջապէս մի՛ գնէք: Զանազան տեղեր գիները բաղդատեցէք եւ յարմարագոյնը ընտրեցէք: Վերջապէս դրամը պատուհանէն չեն նետեր կ՛ըսեն:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ընկերութեան մէջ նիւթի մը շուրջ զանազան կարծիքներ պիտի տրուին, սակայն ձեր կարծիքը միւսներուն պիտի գերազանցէ եւ ձեր խորհուրդին պիտի հետեւին:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Կեանքի մէջ միշտ կը պատահին միջադէպեր, որոնցմէ չենք կրնար խուսափիլ. ձեզի կը մնայ հանդարտութեամբ դիմագրաւել, որպէսզի դժուարութիւն չունենաք:
